Հայաստանի Եւ Արցախի Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Մարզիկները Եւրոպայի Քոնկ Ֆու-Սանտայի Ախոյեաններ

 

 

 

 

 

 

Եւրոպայի Եալթա քաղաքին մէջ 11-13 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցան Եւրոպայի քոնկ ֆուի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մարզիկները: Սոյն մրցաշարքը կ՛ընդգրկէր թաուլու, թայ չի չուան եւ սանտա մարզաձեւերը: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 երկիրներէ 35 մարզիկներ:

Հայաստանի եւ Արցախի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 մարզիկներով` գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ Սարգիս Յարութիւնեանի: Անոնք խլեցին 5 ոսկիէ եւ 1 արծաթէ մետալներ: Հայ սեւ գօտիներու միութեան Արցախի մասնաճիւղի մարզիկներէն Դաւիթ Պետրոսեան եւ Վարդգէս Մանասեան ախոյեաններ հանդիսացան Սանտայի մարզաձեւին մէջ, իսկ Դաւիթ Գրիգորեան նուաճեց երկրորդ դիրքը:

Մրցաշարքի հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկներէն Հենրիկ Ազատեան, որ եզրափակիչ մրցումին ջախջախելով Ազրպէյճանի մարզիկը` հանդիսացաւ ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES