Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը ձախող է այսօր: Ձեր տնօրէնը կամ վարպետը պատճառներ պիտի ունենայ թերութիւններ տեսնելու ձեր աշխատանքին մէջ: Ուշադիր եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վստահութիւն ունեցէք դուք ձեր վրայ` առանց ինքնահաւան ըլլալու: Լսեցէք ձեր շուրջիններուն կարծիքը: Կ՛օգտուիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի պիտի վստահուի գաղտնիք մը, զոր պահելը քիչ մը դժուար է: Այսուհանդերձ, ձեր լեզուն զսպեցէք, գաղտնապահ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւ լուր մը ունիք հարցի մը վերաբերեալ, որ կը կարծէիք, թէ մոռցուած է: Բախտը պիտի ժպտի ձեզի այսօր: Ուրախացէք, մի՛ յուսալքուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը դժգոհիք երբեմն ձեր ասպարէզին աշխատանքէն: Ամէն ինչ կը կարգադրուի: Իւրաքանչիւր գործ կ՛ունենայ իր դժուարութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կեդրոնացէք աշխատանքի մը վրայ, որ շատ կարեւոր է: Գիրքի մը ընթերցանութիւնը կամ գրաւոր աշխատանք մը աւարտեցէք: Կ՛արժէ յոգնիլ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մուրհակ մը կամ հաշուեցոյց մը վճարելու մի՛ տնտնաք: Եթէ ուշանաք, դժուարութիւն կ՛ունենաք պարտապահանջներուն հետ: Անհոգ մի՛ մնաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գործակից մը կամ պաշտօնակից մը ձեր գործը պիտի արգելակէ իր անկարողութեան պատճառով: Համբերատար եղէք եւ անուշ լեզուով հասկցուցէք իր սխալը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ առաւօտուն արթնցած էք յոգնած, նկատի առէք այս, թեթեւցուցէք ձեր պարտաւորութիւնները: Թեթեւի մի՛ առնէք այս հարցը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզանքի ձեւ մը գտած էք, որ շատ կը յարմարի ձեր մարմնին: Պէտք է կատարէք զայն` առանց ժամանակ կորսնցնելու, օրը օրին կիրարկելով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք դաս չէք առներ ձեր կատարած սխալներէն, կը կրկնէք զանոնք: Այս վերաբերումը կը նեղացնէ ձեր հարազատները եւ բարեկամները:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք վատ տրամադրութիւն, մէկ կողմ դրէք ձեր անիմաստ միտքերը եւ աշխատեցէք դրական արդիւնք ձեռք բերելու համար: Մասնակցեցէք ընկերային զուարթ հանդիպումներու: Տրտունջը կը յոգնեցնէ ձեզ:

Share this Article
CATEGORIES