50 Տարի Առաջ (21 Հոկտեմբեր 1963)
Խմբագրական
Ի Պատուի
Բոլոր Երկինքներու Տակ
Խոր գոհունակութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ հրատարակեցինք ուրախալի լուր մը շաբաթ օրուան մեր թիւով: Լիբանանի արտաքին գործոց եւ կրթական նախարարութիւնները, հիմնուելով Աթէնքի լիբանանեան դեսպանի տեղեկագրին վրայ, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին թելադրած են պարգեւատրել ՀՄԸՄ-ի սկաուտական «Պաալպեք» խումբը, որ վերջերս Յունաստանի մէջ մասնակցեցաւ միջազգային 11-րդ ճամբարին:
Մեր ընթերցողները, շնորհիւ Աթէնքէն ղրկուած թղթակցութիւններու, տեղեակ էին արդէն այն իրողութեան, որ ՀՄԸՄ-ի կազմը, իր կարգապահութեամբ եւ սկաուտական պատրաստութեամբ, շատ լաւ տպաւորութիւն գործած է օտար սկաուտական շրջանակներու մէջ: Աւելի՛ն. երբ հարկ եղած է օտար սկաուտական պետերը եւ Աթէնքի լիբանանցի ներկայացուցիչները հրաւիրել լիբանանեան տաղաւար, յարմարագոյն վայրը, իր անթերի կազմակերպութեամբ եւ գոհացուցիչ պայմաններով, նկատուած է ՀՄԸՄ-ի բանակավայրը, ուր հիւրասիրուած են անոնք` պատշաճ կերպով եւ առաւելագոյն պատրաստակամութեամբ:
Աթէնքի լիբանանեան դեսպանին տեղեկագիրը կու գայ պաշտօնականացնելու այս իրողութիւնը եւ արդար պատիւը կ՛ընծայէ ՀՄԸՄ-ի մեծ կազմակերպութեան:
Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը իր վերջին նիստին որոշած է կազմակերպել աստիճանաւորներու եւ միութեանց կազմակերպիչներու հաւաքոյթ մը, որուն ընթացքին յատկապէս պատրաստուած բաժակ մը պիտի նուիրուի «Պաալպեք» խումբի խմբապետութեան:
Այս պատիւը, որ ուղղակի կ՛երթայ ՀՄԸՄ-ի հզօր կազմակերպութեան, ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ ապահովաբար: Անիկա կու գայ աւելնալու այն բոլոր գնահատական արտայայտութիւններուն վրայ, որոնց արժանացած է մարզական այս միութիւնը, մասնաւորաբար այս երկրին մէջ, ուր մարզական շարժումի ղեկավարութիւնը ստանձնած է` շնորհիւ իր նուաճումներուն, այլ մանաւանդ` բարոյական հեղինակութեան, որ ծնունդ կ՛առնէ իր կուռ շարքերու կարգապահութենէն եւ ոգիէն, որ միայն ՀՄԸՄ-ը կրնայ տալ հայ երիտասարդութեան:
Այս պարագային, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մաս կազմող սկաուտական փոքր խումբը հարազատ արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդին, որ սփիւռքի տարածքին վրայ, բոլոր երկինքներու տակ, շնորհիւ իր ժրաջանութեան, այլ մանաւանդ տաղանդին, կը փայլի ամէնուրեք, միշտ առաջաւոր դիրքերու վրայ է, որակ է աւելի, քան համրանք, արժէք է աւելի, քան բազմութիւն, այլ մանաւանդ բարոյական ուժ է, կորով ու ձեռներէցութիւն:
Բոլոր մարզերու մէջ նոյնն է պատկերը: Թէեւ մարզականը կը հանդիսանայ ամէնէն ակնբախը: Մարզական գրեթէ բոլոր ճիւղերու մէջ հայորդիներն են, որ կը փայլին, մասնաւորաբար` ՀՄԸՄ-ի տղաքը, իրենց ցեղային յատկութիւններուն միացնելով նպաստը ազգային կիրքի մը, որ կը բազմապատկուի մեր կրած տառապանքներուն եւ զրկանքներուն գումարով:
Ազգային արժանապատուութիւնը կիրքի վերածուած է մեր մէջ: Ու երբ կը ծափահարենք մարզական խումբի մը յաղթանակը, մեր ծափահարութիւնները այդ խումբէն անդին կ՛երթան հայ ժողովուրդին, անոր արժանիքներուն եւ ձիրքերուն, անոր ապրելու եւ յարատեւելու անվկանդ կամքին:
«Պաալպեք» սկաուտական փոքր խումբին տղաքը, պատասխանատուներէն եւ խմբապետներէն սկսած մինչեւ ամէնէն պարզ սկաուտը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, անսխալական բնազդով կը զգան, թէ ազգի մը պատիւը կը պտտցնեն օտար հորիզոններու տակ, իրենց դրօշը չէ միայն, որ կը ծածանի ճամբարի կայմին վրայ, այլ` անիրաւուած ժողովուրդի մը պատիւը: Ու երբ կը գնահատուի, գիտէ, թէ այդ գնահատանքը ամէնէն առաջ կ՛երթայ իր ժողովուրդին, անոր բարոյական մեծութեան, անոր ուժին ու արժանիքին:
Այս գիտակցութիւնը ունի իւրաքանչիւր հայ, առօրեայ կեանքի մէջ: Այդ գիտակցութեամբ միայն ըմբռնելի են մեր բոլոր նուաճումները` հակառակ մեր համրանքին, հակառակ ազգերու ծովուն մէջ` մեր աննշան կաթիլին:

