Բնութիւն Եւ Մարդ. Թաքուն Պատմութիւնը Բ. Աշխարհամարտի Ընտանի Անասուններուն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՍԿԻԶԲԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ ՄԸ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՐՁԱԾ Է ԸՆՏԱՆԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՋԱՐԴԻ ՄԸ: ՄԷԿ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 750 ՀԱԶԱՐ ԸՆՏԱՆԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԵՆ: ԽՈՒՃԱՊԻ ԱՅՍ ՊԱՀԸ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԱԾ Է ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ՄՈՌՑՈՒԱԾ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՂԷՏԻՆ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՏԻՆ: ԱՅԺՄ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԵՂԷ ՄՌԱՅԼ ԷՋ ՄԸ` ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ:
Պատերազմի նախօրեակին Բրիտանիոյ պետութեան կողմէ հանրութեան գիտակցութիւնը արթնցնելու արշաւ մը արտասովոր հակազդեցութիւն մը ստեղծած էր անձկութեամբ համակուած բրիտանացիներուն քով: 1939-ի ամրան կազմուած Օդային յարձակումներու դէմ անասուններու կանխազգուշացումի յանձնախումբը հրապարակած էր «Խորհուրդ մը` անասուններու սեփականատէրերու»:
Հռչակագիրը կ՛ըսէր. «Եթէ կարելիութիւնը ունիք, ստիպողական վիճակի պարագային ձեր ընտանի անասունները ուղարկեցէք քաղաքամերձ շրջաններ», եւ կ՛եզրակացնէր. «Եթէ չէք կրնար զանոնք յանձնել դրացիներու հոգածութեան, ապա աւելի լաւ է, որ ոչնչացնէք զանոնք»:
Խորհուրդը հրապարակուած էր բրիտանական իւրաքանչիւր թերթի մէջ եւ յայտարարուած էր «Պի. Պի. Սի.»-էն: «Ազգային աղէտ մը կը պատրաստուէր», կ՛ըսէ Քլեր Քեմպըլ` հեղինակը «Պոնզօ՛զ ուոր. էնիմըլզ անտըր ֆայր 1939-1945» վերնագիրով գիրքին:
Քեմպըլ կը պատմէ իր հօրեղբօրը պատմութիւնը. «Լեհաստանի նուաճումէն ետք ձայնասփիւռէն յայտարարուեցաւ, թէ հաւանաբար սննդեղէնի տագնապ պիտի ստեղծուէր: Հօրեղբայրս վճռեց, որ յաջորդ օրն իսկ պէտք էր սպաննել մեր շունը` Փետին»:
Երբ 3 սեպտեմբեր 1939-ին պատերազմ հռչակուեցաւ, մարդիկ իրենց ընտանի անասուններով փութացին անասնաբուժներու քով եւ դիմեցին անասնանոցներ:
«Անասուններու հոգացող բարեսիրական կազմակերպութիւններ, ինչպէս` «Փի. Տի. Էս. Էյ.» եւ «Առ. Էս. Փի. Սի. Էյ.», նաեւ` անասնաբուժներ դէմ էին ընտանի անասուններու բնաջնջումին եւ մտահոգ էին, որ մարդիկ պատերազմի առաջին օրէն իրենց անասունները կը շպրտէին տունէն դուրս», կ՛ըսէ պատմագէտ Հիլտա Քին:
Անասուններու պաշտպան Պեթըրսի տակզ էնտ քեթց հոմ ապաստանարանը իր դռները բացած է 1860-ին եւ կը շարունակէ գոյատեւել երկու աշխարհամարտերէ ետք: «Պատերազմէն ետք շատեր դիմեցին մեզի եւ պահանջեցին, որ քաղցր մահով վերջ դնենք իրենց ընտանի անասուններուն կեանքին, որովհետեւ մարդիկ կռուելու պիտի երթային, ռմբակոծումներու թիրախ դարձած էին կամ այլեւս կարողութիւնը չունէին զանոնք կերակրելու, երբ կտրօնով սննդեղէն կը ստանային», կ՛ըսէ հաստատութեան մէկ բանբերը:
«Իրականութեան մէջ Պեթըրսի դէմ էր նման խիստ միջոցառումներու եւ այդ ժամանակներու մեր պատասխանատուն` Էտուըրտ Հիլի-Թութ նամակով կը պատասխանէր դիմողներուն` խնդրելով, որ չաճապարեն որոշում կայացնելու»:
Սակայն Քեմպըլ կը մէջբերէ «Առ. Էս. Փի. Սի. Էյ.»-ի մէկ պատասխանատուն` Արթըր Մոսը, որ «տխրութեամբ յայտարարած էր, թէ կազմակերպութեան գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլար անասուններու բնաջնջումը»:
Պատերազմի առաջին օրերուն «Փի. Տի. Էս. Էյ.»-ի պատկանող անասնաբուժարաններ եւ դարմանատուներ անզօր էին ընտանի անասուններ սպաննելու բերած քաղաքացիներու հեղեղին դիմաց: Հաստատութեան հիմնադիրը` Մարիա Տիքին կը տեղեկագրէր հետեւեալը. «Մեր մասնագէտները, որոնք կը կանչուէին այս տխուր պարտականութիւնը կատարելու, երբեք պիտի չմոռնան այդ օրերու ողբերգութիւնը»:
Մահազդներ կը յայտնուէին մամուլին մէջ: «Թէյլ Ուեկըր Մեկըզին»-ի մէջ մահազդ մը կ՛ըսէր. «Քաղցր յիշատակներ Լոլայէն, քաղցր, հաւատարիմ բարեկամ, քունի յանձնուեցաւ 4 սեպտեմբեր 1939-ին` պատերազմի տառապանքը խնայելու համար իրեն: 2 տարի եւ 12 շաբթուան կարճ, բայց ուրախ կեանք մը: Ներէ մեզի, փոքրիկ բարեկամ»:
Լոնտոնի առաջին ռմբակոծումը 1940-ի սեպտեմբերին պատճառ դարձաւ, որ ընտանի անասուններու բազմաթիւ սեփականատէրեր փութան վերջ դնելու անոնց կեանքին:
Շատեր խուճապի մատնուեցան, սակայն ուրիշներ փորձեցին վերահաստատել անդորրութիւնը: «Ձեր ընտանի անասունները քունի առաջնորդելը շատ ողբերգական որոշում մըն է: Այս միջոցին մի՛ դիմէք, եթէ խիստ անհրաժեշտ չէ», կը գրէր Սիւզըն Տէյ` «Տէյլի Միրըր» թերթին մէջ:
Սակայն պետութեան հռչակագիրը արդէն ցանած էր զօրաւոր սերմեր:
«Հիմնականին մէջ մարդոց թելադրուած էր սպաննել իրենց անասունները, եւ անոնք կը կիրարկէին իրենց տրուած խորհուրդը: Անոնք մէկ շաբթուան մէջ սպաննեցին 750 հազար անասուններ: Իրական աղէտ մըն էր, կատարեալ աղէտ մը», կ՛ըսէ Քրիսթի Քեմպըլ, որ իր մասնակցութիւնը բերած է «Պոնզօ՛զ ուոր» գիրքին գրառումին:
Պատմագէտ Հիլտա Քինի համաձայն, երեւոյթը պարզապէս այլ նշան մըն էր, թէ պատերազմը սկսած էր. «Երբ պատերազմի լուրը հասաւ, մարդիկ դիմեցին շարք մը միջոցառումներու. անոնք աւելի ապահով շրջաններ փոխադրեցին մանուկները, սեւ վարագոյրներով ծածկեցին պատուհանները եւ սպաննեցին իրենց կատուները»:
Պատերազմի օրերուն ընտանի անասուններուն սպառնացող վտանգը սննդեղէնի տագնապն էր եւ ոչ` ռմբակոծումը: Կտրօնով ուտելիք կարելի չէր ստանալ շուներու եւ կատուներու համար:
Սակայն ոմանք նաեւ յաջողած են պահել իրենց անասունները: Փոլին Քեթըն միայն 5 տարեկան էր եւ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Տեկընհամի մէջ «կարգի կը սպասէր իր ընտանիքին հետ` ձիու միս գնելու եւ իր կատուն կերակրելու համար»:
Թէեւ Պեթըրսիի մէջ կ՛աշխատէին միայն 4 պաշտօնեաներ, սակայն այս ապաստանարանը յաջողած էր ամբողջ պատերազմին ընթացքին խնամել շուրջ 145 հազար շուն:
Ոմանք փորձած են իրենց կարելին ընել` վերջ դնելու համար ընտանի անասուններու սպանդին: Հեմիլթընի դքսուհին` Նինա Մէյրի Պենիթա Տակլըս-Հեմիլթըն, որ 1911-ին հիմնած էր անասուններու վրայ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու դէմ պայքարող կազմակերպութիւն մը, կատուներու սիրահար մըն էր: Ան Սկովտիայէն փութացած էր Լոնտոն եւ «Պի. Պի. Սի.»-էն կատարած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Երկրին մէջ անմիջական կարիքը կայ ապաստանարաններու` այն շուներուն եւ կատուներուն համար, որոնք այլապէս պիտի լքուին եւ սովամահ պիտի դառնան կամ պիտի սպաննուին»:
«Դքսուհի ըլլալով` ան հարուստ էր եւ հիմնած էր անասուններու ապաստանարան մը», կ՛ըսէ Քին: «Ապաստանարանը» օդակայան մըն էր Ֆեռնի մէջ: Դքսուհին իր օգնականները կ՛ուղարկէր Լոնտոնի Իսթ Էնտ շրջանը, որպէսզի հաւաքէին անտէր անասունները: Սկիզբը հարիւրաւոր ընտանի անասուններ տարուած էին դքսուհիին Ս. Ճոն՛զ Վուտի բնակարանը: Դքսուհին տեւաբար ներողութիւն կը խնդրէր իր դրացիներէն` շուներուն հաջոցին համար:
Սակայն նման անորոշ ժամանակներու մէջ ընտանի անասուններու սեփականատէրեր պարզապէս տարուած էին յոռեգոյն վիճակներու երեւակայութեամբ:
Բ. Աշխարհամարտը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկած էր բրիտանացիներուն կեանքը:
Իրերու եւ սննդեղէնի արդար բաժանում մը կատարելու միտումով սննդեղէնի նախարարութիւնը կտրօններու տետրակներ սահմանած էր իւրաքանչիւր անձի համար:
Լոնտոնի եւ բրիտանական այլ քաղաքներու վրայ գերմանական ռմբակոծումները պատճառ դարձած էին բազմաթիւ քաղաքացիներու մահուան:
Շուրջ 3 միլիոն անձեր գաղթած էին այն քաղաքներէն եւ գիւղաւաններէն, որոնք ենթակայ էին թշնամի օդանաւներու կողմէ ռմբակոծուելու վտանգին:
«Մարդիկ կը վախնային ռմբակոծումներէն եւ մտահոգ էին սննդեղէնի տագնապով, հետեւաբար պատերազմի ընթացքին ընտանի անասուն պահելը «շռայլութիւն» կը նկատուէր», կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Ազգային բանակի թանգարանի բարձրաստիճան պատասխանատու Փիփ Տոտ:
«Թագաւորական բանակին անասնաբուժներու ջոկատները եւ «Առ. Էս. Փի. Սի. Էյ.» կը փորձէին կասեցնել այս ընթացքը, մանաւանդ որովհետեւ շուները պիտանի էին պատերազմի ընթացքին»:
Ի վերջոյ, նկատի ունենալով մարդկային աներեւակայելի տառապանքը, որ յաջորդեց 6 տարուան պատերազմին, հաւանաբար հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ ընտանի անասուններու արտասովոր սպանդը աւելի լայն ճանաչումի չէ արժանացած:
Սակայն իրողութիւնը ինքնին յաւելեալ վիշտ պատճառած է պատերազմին սկիզբը խուճապի եւ սարսափի մատնուած մարդոց:
«Անասուններուն պատմութիւնը աւելի լայն ճանաչումի չէ արժանացած, որովհետեւ դիւրին չէր այս մասին պատմել,- կը բացատրէ Քին:- Հաճելի պատմութիւն մը չէր ասիկա: Չէր համապատասխաներ անասուններ սիրող ժողովուրդի մեր հռչակին: Մարդիկ չեն ուզեր յիշել, թէ պատերազմի առաջին ազդանշանը ստանալէ ետք փութացած են սպաննելու իրենց փիսիկը»: