Բնութիւն Եւ Մարդ. Ինչո՞ւ Դժուար Է Ճանճ Մը Ոչնչացնելը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ԱՐԱԳ ՀԱՐՈՒԱԾ ՄԸ ԻՋԵՑՆԵԼ ՃԱՆՃԻՆ ԳԼԽՈՒՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆ ՄԵՐ «ԱՐԱԳ» ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ ԿԸ ԶԳԱՅ ԻԲՐԵՒ ԴԱՆԴԱՂ ՀԱՍՆՈՂ ՇԱՐԺՈՒՄ ՄԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԻՋԱՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԿՇՌՈՅԹԸ ԱՒԵԼԻ ԴԱՆԴԱՂ Է:

 

 

 

 

 

 

Ճանճի մը գլխուն հարուած մը իջեցնելու փորձը կը նմանի «Տը Մէյթրիքս» Ժապաւէնին մէջ Քինու Ռիւզի վրայ կրակելու փորձի մը, որովհետեւ ժամանակը աւելի դանդաղ կ՛անցնի փոքր անասուններու համար:

Գերարագաշարժ ճանճը կարողութիւնը ունի մէկ երկվայրկեանի մէջ շուրջ 7 անգամ աւելի տեղեկութիւն արձանագրելու, քան` մարդը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր ոլորած թերթը, որուն շարժումը օդին մէջ կ՛աղօտի մեր աչքին, երբ կայծակի արագութեամբ կը փորձենք հարուածել ճանճը, իրականութեան մէջ, ճանճին «աչքով դիտուած», պարզապէս կը նմանի դանդաղօրէն տեղացող փամփուշտներու, որոնցմէ Նէօ (Քինու Ռիւզի մարմնաւորած տիպարը) դիւրութեամբ պիտի խուսափէր «Տը Մէյթրիքս» ժապաւէնին մէջ:

«Էնիմըլ Պիհէյվիըր» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ ժամանակի ըմբռնումը կապ ունի անասունի մը մարմնին չափին եւ անոր մարմնին գործունէութեան արագութեան հետ:

Սակայն ժամանակի ըմբռնումը նաեւ կրնայ փոխուիլ տարբեր պայմաններու մէջ: Օրինակ, ժամանակը աւելի դանդաղ կ՛անցնի ջիղերը լարող վիճակներու մէջ, ինչպէս` ինքնաշարժի արկած, որովհետեւ աղէտէ մը խուսափելու մեր ճիգին մէջ մեր ուղեղը աւելի մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւն կ՛արձանագրէ:

Շուները մարդերէն կրկնապատիկ արագութեամբ տեղեկութիւններ կ՛անցընեն իրենց ուղեղին գործընթացներէն, հետեւաբար պատկերասփիւռը այնքան ալ չի հետաքրքրեր զանոնք: Անոնք պաստառին վրայ պարզապէս կը տեսնեն պլպլացող պատկեր մը, այնպէս` կարծէք զայն սփռող գործիքը խանգարուած է եւ ժապաւէնը` դանդաղած:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները օգտագործած են այն պահը, երբ պլպլացող լոյսը կը տեսնուի իբրեւ անշարժ ճառագայթ մը` չափելու համար տարբեր անասուններու ժամանակի ըմբռնումը:

Ճանճերը պլպլացող լոյսը կը տեսնեն մեզմէ 7 անգամ աւելի արագ: «Պատճառը այն է, որ անոնք մէկ երկվայրկեանի մէջ շատ աւելի մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւն կ՛արձանագրեն իրենց տեսողական գործընթացով, հետեւաբար երկվայրկեանը աւելի դանդաղ կը թուի անոնց,- կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Լիւք ՄքՆալի:- Այս միջատները աշխարհը կ՛ընկալեն շատ աւելի տարբեր ձեւով»:

Ասիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ դժուար է ճանճ մը հարուածելը: «Ճանճը կը զգայ, թէ շատ դանդաղ կը մօտենանք իրեն: Ասիկա յար եւ նման է փամփուշտներու տարափ մը պատկերող տեսարանի մը, ուր փամփուշտները կ՛արձակուին աներեւակայելի դանդաղութեամբ, ինչպէս` «Տը Մէյթրիքս» ժապաւէնին մէջ», կը բացատրէ ՄքՆալի, որ Էտինպարայի համալսարանէն մասնակցած է ուսումնասիրութեան:

Միւս կողմէ` ժամանակը կը թռչի դանդաղաշարժ կրիային համար, որովհետեւ անիկա մէկ երկվայրկեանի մէջ կրնայ արձանագրել մարդկային ուղեղին արձանագրած տեղեկութեան հազիւ մէկ երրորդը: «Ժամանակի այս ըմբռնումը եղափոխուած է մեր շարժելու արագութեան հետ, մեր մարմնին գործարաններուն աշխատելու կշռոյթին հետ, ինչպէս նաեւ` մեր չափին,- կը բացատրէ ՄքՆալի:- Իմաստ չունի տեղեկութիւն արձանագրելը, եթէ կարողութիւնը չունինք հակազդելու անոր»:

Այսուհանդերձ, գոյութիւն ունի գէթ մէկ անասուն, որուն ժամանակի ըմբռնումը չի համապատասխաներ անոր ֆիզիքական յատկանիշներուն:

«Մսակեր բզէզը շատ աւելի արագ կը վազէ, քան ինչ որ կը կտրէ անոր աչքը,- կ՛ըսէ ՄքՆալի:- Անիկա կը սուրայ դէպի իր որսը, ապա կանգ կ՛առնէ եւ դարձեալ կը սուրայ` յուսալով, որ պիտի հարուածէ զայն»:

Տապլինի Թրինիթի քոլեճէն գիտնական մը` Էնտրու Ճեքսըն, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը, կ՛ըսէ, թէ հաւանաբար այս պատճառով է, որ տարիքի բերումով ժամանակը աւելի արագ կ՛անցնի կամ գէթ այդպէս կը թուի: «Փորձութեան կարելի է մատնուիլ եւ մտածել, թէ մանուկներուն համար ժամանակը շատ աւելի դանդաղ կ՛անցնի, քան` չափահասներուն, եւ այժմ որոշ ապացոյցներ կը փաստեն այս մէկը»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES