Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Գրեթէ ամէն առաւօտ շուկայ կ՛երթամ: Շուկան անհրաժեշտութիւն է, նաեւ` ընկերային հանդիպումներու վայր, այլ գնորդներու կը հանդիպիս, ընտանիքներուն վերջին լուրերը կը փոխանակես, եւ քիչ մը կը հանգստանաս` մտածելով, որ, փառք Տիրոջ, տակաւին հոս մնացողներ կան, շատեր տակաւին հոս են…
Այսօր սակայն ծանօթի չեմ հանդիպիր: Կը քալեմ` շուրջս դիտելով, կարծես առաջին անգամն է, որ կը տեսնեմ այս խճողուած, աղբերով եւ լճացած ջուրերով գարշահոտ փողոցը: Այսպէս չէին Հալէպի փողոցները, մաքուր էին եւ կարգ-կանոնը կ՛իշխէր թէ՛ ինքնաշարժներուն, թէ՛ հետիոտն մարդոց վրայ: Ճիշդ է, որ ժողովուրդը յօժարութեամբ չէր, որ կը հետեւէր օրէնքներուն, բայց կարգ-կանոնը կա՛ր, մաքրութիւնը կար:
Հիմա՞: Մէկ կողմէ երթեւեկող ծանր զրահապատները քանդեր են ասֆալթը, միւս կողմէ` խրամատներ փորուած են, քարն ու փոշին այդպէս ճամբուն մէջտեղ ձգելով: Ասոնք սակայն տանելի են` աղտոտութեան հետ բաղդատած:
Գլխիկոր կը վերադառնամ. գրեթէ ոչինչ կայ շուկան. ձեռքիս ապրանքը թեթեւ է եւ կ՛արտօնէ, որ ինքզինքս մտորումներուս լքեմ:
Յօժարակամ թէ ոչ, ժողովուրդը, որ սկսեր էր կարգ-կանոնի եւ մաքրութեան մէջ ապրիլ, հիմա ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ այս աղտին, գարշահոտութեան, տակնուվրայութեան: Խանութներուն առջեւ, առանց ուշք դարձնելու աղբակոյտերուն, մարդիկ իրենց առաւօտեան սուրճերը կը խմեն եւ քաղաքականութենէն կը ճառեն:
Ինչպէ՞ս մարդ կրնայ ամբողջ քառորդ դար դէպի լաւը, դէպի աւելին ընթանալ, եւ յետոյ բիրտ շարժումով մը վերադառնալ իր նախնականութեան: Ասիկա է, որ չեմ հասկնար:
Տիգրանակերտցիները թեւաւոր խօսք մը ունին, զոր վերջերս ամէն օր կը հաստատեմ կեանքի այս անհաշուելի, անըմբռնելի անհեթեթութեան առջեւ, որ պատերազմ կը կոչուի. «Էշ իկէնք էս աշխըրը, քուռակ մըն էրթինք»…
Մանուկներ «պէյպի ֆութ»-ի սեղաններուն առջեւ, գոռում-գոչումով կը լեցնեն միջոցը: Ո՞ւր պահուած էին «պէյպի ֆութ»-ի այս սեղանները. քառորդ դար մը առաջ մանուկներուն ամէնէն սիրելի խաղն էր ասիկա, որ տեղի տուաւ թուային խաղերուն, երբ անոնք ալ մեր երկիրը խուժեցին եւ ողողեցին մանուկներուն միտքերը:
Հիմա, հոսանքի յաճախակի անջատումներուն մէջ այս խաղը կրկին դարձած է սիրելի եւ փնտռուած խաղը մանուկներուն: Բայց ո՞վ պահեր էր սեղանները, ո՞ւր պահ դրուած էին անոնք, ինչպէ՞ս վերապրեր էին, կ՛երեւի` մառաններու անկիւնները մոռցուած էին: Եւ հիմա ան, որ պահեր էր, արդէն նոր գործի ձեռնարկած, կրնայ իր եւ ընտանիքին օրապահիկը ապահովել:
***
Քելլեսի թաղին մուտքէն իսկ քիթիս կը զարնէ թթուած մածունին հոտը: Շատ կը զարմանամ. մածուն չկայ, ուրկէ՞ թթուած մածուն պիտի ըլլայ:
Բայց երբ քիչ մը կը յառաջանամ փողոցին մէջ, նպարավաճառի մը խանութին առջեւ, գետինը, մայթին շարուած մածունի դոյլերը կը տեսնեմ, եւ մանչ մը, որ կը պոռայ.- Վերցուցէք, այսօր երեք հարիւր է գինը, եա պալաշ, վերցուցէք…»:
Մարդիկ կը մօտենան, կը յամենան, շատեր կը շարունակեն, ուրիշներ կը կենան, իրենց ցուցամատը կամ ճկոյթը կը մտցնեն դոյլին մէջ, կը համտեսեն թթուած մածունը.- «Այո՛, բայց կ՛ուտուի», կ՛ըսեն եւ վճարելով երեք հարիւրը` դոյլը առած` կ՛երթան:
Կար ժամանակ, երբ դոյլ մը ոչխարի մածունը` իւղոտ, սերը երեսին ու քաղցրահամ, երկու քիլոկրամը երկու հարիւր ոսկի էր. իսկ հիմա կովու թթուած մածունի մէկուկէս քիլոյին երեք հարիւր կը վճարեն: Բայց ի՞նչ ընեն:
Կը զարմանամ (եւ կը ցաւիմ նաեւ), թէ ժողովուրդը որքա՜ն վարժուեր է գարշահոտութեան: Շրջան մը անասելի, աննկարագրելի հոտ մը կը ծածկէր քաղաքը առաւօտեան կանուխ ժամերուն, այնքան անսովոր եւ այնքան անտանելի, որ մարդիկ կ՛արթննային նեղացած, կը փորձէին ենթադրել, թէ ի՛նչ հոտ է, ու երբ չէին կրնար, կը սկսէին մտահոգուիլ:
Յետոյ հասկցանք, որ… տասնեակներով սպաննուած դիակներու ճենճերահոտն է: Մարդիկ սարսափով կը խօսէին ամէն անգամ, որ այս հոտը տարածուէր քաղաքին մէջ, կարծես` նաե՛ւ խիղճերուն վրայ:
Բայց մարդոց ռունգերը կը թուին վարժուած ըլլալ գարշահոտութեան եւ հիմա թթուած մածուն թէ աւրուած պտուղ, մանաւանդ թուզ, նեղութիւն չեն պատճառեր…
***
Ընկերուհիի մը մօտ այլ ընկերուհիի մը կը հանդիպիմ.
– Եկած ատենս տեսայ, որ «միջանցք»-էն կանաչեղէն բերեր են:
Ոտքի կը ցատկեմ:
– Բայց շատ խճողում է, ինչպէ՞ս պիտի մտնես այդ իրարանցումին մէջ:
Ես արդէն փողոցն եմ ու կը քալեմ կրցածիս չափ արագ: Քանի օր է` կրկին միջանցքը փակ էր. միջանցքին «ամիրը»` իշխանը (ինքնակոչիկ ամիր մը անշուշտ), մեռեր է եղեր, եւ մնացեր էինք չոր ու ցամաք ճաշերուն. ո՛չ աղցան, ո՛չ ազատքեղ-փերփեր-անանուխ, ո՛չ իսկ խաղող:
Սուլէյմանիէի առաջին խաչմերուկին, ճիշդ հոն, ուր շատ յաճախ հրասանդի ռումբեր ինկան, մայթին վրայ երեք երիտասարդներ դրեր են իրենց բերած ապրանքը եւ կը փորձեն կշռելու եւ գանձելու բարդ աշխատանքին մէջ իրենց գլուխը չկորսնցնել: Ոչ ոք կը թուի յիշել վտանգը:
Ա՛լ չկայ հալէպցիներուն սիրելի սովորութիւնը` սակարկութիւնը, որ հաճոյք կը պատճառէր ծախողին եւ գոհունակութիւն` գնողներուն: Հիմա գնողները չեն իսկ փորձեր սակարկել` վախնալով, որ այդ միջոցին ուրիշ մը գնէ եւ ապրանքը հատնի: Արդէն արդիւնք ալ չի տար սակարկելը:
Բոլորը ուրախ են, որ ապրանք կայ. ուրախ են նաեւ, որ կրնան ընտրել, որովհետեւ վերջերս յաճախ այդ իսկ զլացուած է հալէպցիներուն, որոնք ճարահատ անորակ ապրանքին սուղ գին վճարելով, շրթունքները եւ տոպրակները սեղմած` կը հեռանան:
Մեծ բեռ մը ուսերէս թօթափած եւ երկու ձեռքով նոյնքան ծանր բեռ մը կրելով` կը վերադառնամ: Մէկ շաբաթ պտուղ-կանաչեղէնի հարց չունիմ:
* * *
Այսօր` հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2013, այն օրն է, որ Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը որոշեր է ռմբակոծել Սուրիան: Շատեր չկրցան քնանալ` մտածելով հաւանական ըլլալիքը, իրենց արեան յիշողութիւններէն սարսափած, թերեւս զղջալով հոս մնացած ըլլալնուն, մոռցած այն բոլոր պատճառները, որոնք զիրենք ամրօրէն հոս կը կապեն:
Յետոյ, ամէն առտուան նման, չորս կողմերէն սուրճին խենթացնող բոյրը աշխարհ լեցուեցաւ, մարդիկ պատշգամները նստած` խմեցին իրենց սուրճերը, մտահոգութիւններ փոխանակեցին, այնքան նման, որ սկսան աւրուած տիսքի զգացողութիւն տալ, եւ շարունակեցին գիշերուան սպասումը` ուռած, անքնութենէն պայթող աչքերով:
Քանի մը ժամ ետք խանութպանները խանութները բացին, փոքրիկները իրենց ամէնօրեայ «աշխատանքին» լծուեցան գոռում-գոչումով, որ այսօր, զարմանալի՜, ոչ միայն չէր նեղացներ, այլ օրհնութիւն կը թուէր…
Բայց արտաքին սովորականութեան տակ մինչեւ ծայր պրկուած սպասում կայ:
«Մինչեւ յաջորդ երեքշաբթի», յայտարարեցին բոլոր կայանները:
– Ըլլալիքը ըլլար, լրանար,- կը գանգատին կիները,- ա՛լ յոգնեցանք:
Յոգներ է ժողովուրդը սպասելէն, վախնալէն, անորոշութենէն:
Բայց այս վիճակը յամառօրէն կը շարունակուի. մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր:
***
Ձկնավաճառը վերջինն էր, որ հեռացաւ «փայտի հրապարակէն» ու եկաւ խանութ բանալու Հորի թաղին (Հարթը Ճըպպի) մէջ. բայց ծերացեր էր, ինչպէ՜ս ծերացեր էր:
Իրմէ առաջ եկեր էին միւսները` երկու պանիր ծախողները, պտղավաճառները եւ մնացեալը. շատեր Ազիզիէի մէջ խանութ վարձեր էին, ուրիշներ` Սուլէյմանիէի, իսկ նուազ հարուստները Համիտիէի մայթերուն վրայ «պասթա» բացեր էին:
Եւ իւրաքանչիւրը իր օրապահիկը կը հանէր:
Ու հիմա հալէպցին կէս աչքով կ՛ուրախանայ ապրուստը ապահովելուն, բայց մէկուկէս աչքով կու լայ իր աւերակուած քաղաքին վրայ:
Պզտիկ թռչունը դեռ կ՛ապրի Ճըտէյտէի աւերակներուն մէջ, ուր ամէն առաւօտ արեւը դեռ կը ծագի, բայց թռչունը չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ լակոտները ա՛լ չեն արթննար իր ծըլւըլոցով եւ ա՛լ չեն խաղար «փայտի» հրապարակին վրայ:
– Ահմե՜տ, եա՜ Ահմետ,- կը կանչէր անուշավաճառը,- եկուր` սա թիթեղները ամբար տար: Եւ Ահմետ խաղը ձգած` կը վազէր:
Ընկերներն ալ խաղը կը ձգէին ու մայթին շարքով նստած` Ահմետին վերադարձը կը սպասէին, որովհետեւ Ահմետ ամէն անգամ լեցուն ձեռքով կը վերադառնար. անուշավաճառը, անոր ծառայութիւններուն փոխարէն, քանի մը կտոր փախլաւա կու տար:
– Ինչո՞ւ չես ուտեր,- հարցուցեր էր Ահմետը Մուսթաֆային,- չե՞ս սիրեր:
– Շատ կը սիրեմ, բայց աղբարիկիս կը պահեմ:
Մուսթաֆան տունը հիւանդ եղբայր մը ունէր:
Յաջորդ անգամ Ահմետը ժպիտով ըսեր էր անուշավաճառին.
– Հինգ հատ կու տա՞ս, չորս հատ ընկեր ունիմ, ես ալ` հինգ:
– Հաշուել ալ գիտես եղեր,- խնդացեր էր անուշավաճառը եւ սկսեր էր միշտ հինգ կտոր տալ:
Հիւրասիրութիւնը, հալէպցիին համար, օրական հինգ անգամ աղօթելու չափ կարեւոր եւ անբեկանելի սովորութիւն է: Էր:
Հիմա կատուները տխուր-տրտում, անօթի-ծարաւ կը թափառին «փայտի» հրապարակին վրայ ու կը զարմանան` ամայութիւնը դիտելով:
Միայն տատրակներն են, որ կը շարունակեն տանիքէ տանիք թռչկոտիլ. անոնց վույ-վույը հիմա արդէն ողբն է քաղաքին…

