Հայաստանի Մէջ Ձուլուած Քրիստոսի Արձանը Կանգնեցուած Է Սուրիոյ Մէջ
Սուրիոյ Սէյիտնայա քաղաքին մէջ 14 հոկտեմբերին կանգնեցուած է Հայաստանի մէջ ձուլուած Յիսուս Քրիստոսի 39 մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ շքեղ արձանը:
Արձանը կը կոչուի «Ես եկած եմ փրկելու աշխարհը». անիկա մէկ մեթր աւելի բարձր է Պրազիլի մէջ գտնուող համանման քանդակէն:
Հայաստանի մէջ ձուլուած արձանի տեղադրման եռօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին պատերազմական գործողութիւնները դադրած էին այդ շրջանին մէջ:
Արձանի տեղադրման գաղափարը ծագած է 5 տարի առաջ` գործարար Եուրի Կաւրիլովի կողմէ, որուն աջակցած է սուրիացի առեւտրական Քատման Սամիր Շաքիպը: Արձանի տեղադրումէն երկու օր ետք մտայղացման հեղինակ Եուրի Կաւրիլով մահացած է` իբրեւ յիշատակ ձգելով նման գեղեցիկ գործ մը Սուրիոյ եւ աշխարհին համար:
CATEGORIES Անդրադարձ



