Պատասխան` Նամակ Թիւ 330-ի

Յարգելի՛ պրն. Արմէն Յարութիւնեան:

Շաբաթ, 20 յուլիս 2013-ին լոյս տեսած «Ազդակ»-ի թիւին մէջ կարդացինք ձեր գրած նամակն ու փոխանցած մտահոգութիւնը, ուր անդրադարձած էիք նաեւ «Hi-Youth»-ի մասին: Որպէս «Hi-Youth» յանձնախումբի անդամներ` կ՛ուզենք ծանօթացնել այս համախումբը ձեզի եւ բոլոր ընթերցողներուն:

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանը ունի կարգ մը ճիւղաւորումներ, ինչպէս` «Hi-Food», «Hi-Job»… որոնց նպատակն է օգտակար դառնալ բոլոր հայորդիներուն այլազան ձեւերով: Միւսներուն նման, «Hi-Youth»-ն ալ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին մէկ մասնիկն է` երիտասարդական բաժանմունքը, ուր հայ երիտասարդներ կը հաւաքուին շաբաթական դրութեամբ, ուրբաթ օրերը, առաջնորդարանէն ներս: Սոյն համախմբումին հիմնական նպատակն է պահպանել ու տարածել մեր ազգային-կրօնական հարստութիւնները հայ երիտասարդներուն մէջ: «Hi-Youth»-ի ճամբով, հայ երիտասարդը կը ծանօթանայ մեր հոգեւոր- կրօնական գանձերուն` հոգեւոր լսարաններու միջոցով: Այդտեղ հայ երիտասարդը կը ծանօթանայ հայ մշակոյթին` երգի, ասմունքի, թատրոնի միջոցով: Հոն հայ երիտասարդը կը հետեւի ընկերային, բժշկական եւ առօրեան յուզող հիմնական հարցերու քննարկման: Այս հաստատութեան մէջ է, որ հայ երիտասարդը ազատօրէն կ՛արտայայտէ իր մտահոգութիւններն ու ակնկալութիւնները: Մէկ խօսքով, «Hi-Youth»-ը այն խմբատեղին է, որուն ջանքերով հայ երիտասարդը կը պահպանէ իր ազգութիւնը եւ հեռու կը մնայ օտարամոլութենէ եւ այլազան հոսանքներէ, որոնք կը փոթորկեն մեր ինքնութիւնը:

Յարգելի պրն. Յարութիւնեան, ձեր մտահոգութիւնը տեղին է օտարամոլութեան գծով, սակայն` ոչ «Hi-Youth»-ի մասին կազմած ձեր կարծիքով: «Hi-Youth»-ը մասնակցած է հայկական եւ ազգային շարք  մը ձեռնարկներու եւ պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու երկրի հայկական բոլոր ձեռնարկներուն` օրինակ հանդիսանալու համար ամբողջ երիտասարդութեան, ըլլալով տիպար հայորդիներ, նուիրեալ ծառաներ ազգին, եկեղեցւոյ ու ընկերութեան:

«Hi-Youth»-ի հոգին զուտ հայկական է, պարզապէս անունը «Hi-Youth» (հայ երիտասարդ) է, որպէսզի ըմբռնելի ըլլայ մեր տեղական շրջանակին: Յարգելի գրիչ, ակնարկած էիք Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կատարուելիք համերգին համար: Այո՛, համերգին յայտագիրը միայն հայերէն չէր, սակայն ատոր նպատակն էր հայ մշակոյթէն նախաճաշակ մը փոխանցել օտարներուն` լիբանանեան պատկերասփիւռի միջոցով:

Բոլոր երիտասարդ ընթերցողները կը քաջալերենք ու կը հրաւիրենք միանալու մեզի եւ անդամ դառնալու «Hi-Youth»-ի ընտանիքին` ըլլալու տիպար հայ երիտասարդներ եւ ժառանգորդներ` հայկական սրբազան գանձերուն:

«Hi-Youth»-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ          

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )