Տեսակէտ. Յարափոփոխ Կացութեանց Մէջ Քիչով Բաւարարուիլ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիա եւ Իսրայէլ աւելի քան 50 տարի ռազմավարական դաշնակիցներ էին, եւ այդ դաշնակցութեան ծիրին մէջ Մոսատի եւ ՄԻԹ-ի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու ռազմական գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ գոյութիւն ունԷր սերտ գործակցութիւն մը, որ սկիզբ առած էր 1958-ին` «Թրայտընթ» (երեքարձէն) անունով ծանօթ Թուրքիա – Իսրայէլ – Իրան համագործակցութեան եռակողմանի դաշինքով: Այսօր այդ դաշինքը ո՛չ միայն քայքայուած է, այլեւ անոր մաս կազմող գաղտնի սպասարկութիւնները փոխան սերտ համագործակցութեան` իրարու դէմ կը պատերազմին:
Ապրիլ 2012-ին Իրան յայտարարեց, որ Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող 15 իրանցիներ ձերբակալած է: Այս տարուան 17 հոկտեմբերին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` յղում կատարելով «լաւատեղեակ» աղբիւրներու, հաղորդեց, որ ՄԻԹ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումով, այդ անունները փոխանցած է Իրանի: Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Իսրայէլ յայտարարեց, որ «Պեն Կորիոն» օդակայանին մէջ ձերբակալած է իրանցի-պելճիքացի առեւտրական մը, որ Իրանի յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հաշուոյն աշխատող լրտես մըն էր եւ Թուրքիոյ մէջ ընկերութիւններ հաստատած էր իր լրտեսական աշխատանքը ծածկելու համար: Վերոնշեալները ենթադրել կու տան, որ Թուրքիա ո՛չ միայն իր հողերուն վրայ գործող Իսրայէլի եւ Իրանի գործակալներու շարժումներուն կը հետեւի, այլ նաեւ, ըստ յարմարութեան, անոնց վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ թէ՛ այս, եւ թէ այն կողմին:
Հետաքրքրական է, որ հոկտեմբերի 17-ին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին ականաւոր հեղինակը 29 յունուար 2009-ին Տաւոսի Միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ Իսրայէլի նախագահին եւ Թուրքիոյ վարչապետին միջեւ «Մէկ վայրկեան» անունով ծանօթ միջադէպին թատերաբեմ եղած կլոր սեղանին զրուցավար Տէյվիտ Ինկնասիուսն էր: Եթէ անոր յօդուածին միտք բանին այն էր, որ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան Իրանի տեղեկութիւններ կը փոխանցէ, ուստի վստահելի չէ, հոկտեմբեր 9-ին ամերիկեան այլ ականաւոր օրաթերթի մը` «Ուորլտ Սթրիթ Ճըրնըլ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ Ֆիտան կ՛ամբաստանուէր Սուրիոյ մէջ Քայիտային աջակցելու եւ «անկախ կերպով» գործելով` արեւմտեան շահերը վտանգելու համար: Ահա այս վերջին ամբաստանութիւնը ջրելու նպատակով էր, որ թրքական հրետանին վերջերս Ազազի մէջ Քայիտայի առնչակից «Իրաքի եւ Շամի Իսլամական պետութեան» դիրքերը ռմբակոծելու թատրոնը բեմադրեց:
Թրքական կողմը իրաւամբ այս արշաւը վերագրեց իսրայէլեան կողմին, որ, ըստ երեւոյթի, Ֆիտանի նետած ձեռնոցը վերցուցած է եւ «ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման» սկզբունքէն անդին երթալով` Էրտողանի ամէնէն սերտ գործակիցներէն մէկուն «գլուխը» կ՛ուզէ: Մինչ այդ, երկու կողմերուն միջեւ «Մաւի Մարմարա»-ի զոհերուն փոխհատուցման գումարին շուրջ բանակցութիւնները անելի մատնուած են: Ստեղծուած կացութիւնը փոխզիջումնային լուծում մը գտնելու առիթ կը ստեղծէ: Իսրայէլեան կողմը կը հրաժարի Հաքանը հետապնդելէ` փոխարէնը թրքական կողմը կը հրաժարի փոխհատուցում պահանջելէ:
Տիրող մթնոլորտին մէջ չէ բացառուած, որ Միացեալ Նահանգներու եւ (կամ) Իսրայէլի մէջ դարձեալ արծարծուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Պէտք չէ խանդավառուիլ, որովհետեւ ամէն մակընթացութեան կը հետեւի տեղատուութիւն մը: Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումը (եթէ տեղի ունենայ) պարզապէս իսկական նպատակի ձեռքբերման համար ճնշումի յաւելեալ միջոց մը պիտի ըլլայ: Նախկին փորձառութիւնները կը վկայեն, որ քաղաքական անցողիկ կացութիւնները իրենց բնոյթով յարափոփոխ են եւ կարելի չէ անոնց վրայ հիմնուելով մեծ ակնկալութիւններ ունենալ: Այսպիսի պարագաներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին երրորդ հանդիսացող կողմէ մը արծարծումը ինքնին շահ մըն է, որով պէտք է բաւարարուիլ:

