Կազմակերպութեամբ` Մաշաալ Պըտնայել Ակումբին. Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 27 Հոկտեմբերին
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ կազմակերպութեամբ Մաշաալ Պըտնայել ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 27 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` վերոնշեալ ակումբին մէջ (Զահլէի մօտակայքը գիւղ մը):
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ ըստ զուիցերիական ոճի, ընդամէնը` 7 հանգրուան: Անիկա, տարբեր դասակարգերու բաժնուած պիտի չըլլայ, այլ` բաց մրցաշարք մը (Օփըն), որուն ընթացքին մասնակցողները իրարու դէմ կը մրցին, առանց նկատի առնելու անոնց տարիքը:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսելիք այս մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապ հաստատել ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարին` Շըհատէ Ապու Նըմրիին հետ եւ անոր հեռաձայնելով (03-955700)` արձանագրել իրենց անունները:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 15 հազար լիբանանեան ոսկի:
Մրցաշարքին աւարտին առաջին հինգ դիրքերը գրաւողները պիտի ստանան պարգեւներ:
Առաջին դիրքը գրաւողը պիտի ստանայ «Սենալ» վաճառանիշով «Էլ. Սի. Տի.» պատկերասփիւռ մը, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւողը` ոսկիէ դրամ:

