Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն Արարատ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Միքայի դաշտէն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ չորս կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Փիւնիկի վրայ, որ երէկ կէտեր կորսնցուց, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Գանձասարի հետ:
Շիրակ 5-2 արդիւնքով յաղթեց վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտին, որ ցարդ յաղթանակէ զուրկ է, մինչ չորրորդ եւ վերջին մրցումը աւարտեցաւ Ուլիսի յաղթանակով, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Բանանցին:
Այժմ, կոլսքորըր-ներուն պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արտակ Տաշեան (Գանձասար), որ նշանակած է 7 կոլ:
Ստորեւ` դասաւորումը (բոլոր խումբերն ալ կատարած են 8-ական մրցում).
Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Արարատ 5 2 1 12 4 17
2.- Փիւնիկ 3 4 1 16 12 13
3.- Գանձասար 3 3 2 20 13 12
4.- Շիրակ 3 3 2 16 12 12
5.- Միքա 2 5 1 8 7 11
6.- Բանանց 1 5 2 7 8 8
7.- Ուլիս 1 3 4 7 12 6
8.- Ալաշկերտ 0 3 5 10 28 3


