Աստղագէտները Յայտնաբերած Են Մեծ Երկնաքար Մը, Որ 2032-ին Կրնայ Բախիլ Երկրին

«Կազեթա»` յղում կատարելով ՆԱՍԱ-ի, կը հաղորդէ, որ 12 հոկտեմբերին Խրիմի աստղաֆիզիքական աստղադիտարանի մասնագէտները յայտնաբերած են 410 մեթրնոց երկնաքար մը, որ 2032-ին կրնայ երկրին բախիլ:

Տիեզերական մարմինը ստացած է «2013 Թի.Վի.135» պայմանական անունը: Աստղագէտները զայն յայտնաբերած են անջրպետի լուսանկարները  ուսումնասիրելու ժամանակ:

Յայտնաբերումը հաստատուած է շարք մը ռուսական, իտալական, բրիտանական եւ սպանական աստղադիտարաններու կողմէ:

Ըստ նախնական տուեալներու, նշեալ երկնաքարը կրնայ 26 օգոստոս 2032-ին բախիլ Երկրին:

 

Share this Article
CATEGORIES