Անգարայի Մէջ Հայտար Ալիեւի Այգին Աղբավայրի Վերածուած Է
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայտար Ալիեւի անուան այգին, որ եօթը տարի առաջ Անգարայի մէջ հիմնուած էր, վերածուած է աղբանոցի:
Ըստ տարածուած տեղեկատուութեան, այգին, որուն մէջ կայ 81 հազար ծառ, անխնամ մնացած է եւ վերածուած աղբավայրի:
Տեղւոյն բնակիչները բողոքած են, որ` «առաջ այստեղ բազմաթիւ անձեր ժամանակ կ՛անցընէին: Այստեղ մարդիկ կը հանգստանային ընտանիքներով: Սակայն յետոյ այգին սկսան չխնամել, որուն իբրեւ հետեւանք ալ անիկա վերածուեցաւ աղբանոցի: Աւելի՛ն, գիշերը այստեղ կը հաւաքուին հարբածներ եւ թմրամոլներ, եւ անցեալ շաբաթ մինչեւ իսկ հրդեհ բռնկած էր հոն»:
Քաղաքապետարանի աշխատակիցները յայտարարած են, որ, ըստ փաստաթուղթերուն, այդ այգին առհասարակ գոյութիւն իսկ չունի, եւ իրենք ոչինչի կրնան ձեռնարկել:
CATEGORIES Միջազգային