«Եւրոպական Միութիւնը Խորհրդային Միութեան Նման Պիտի Փլուզուի» Կ՛ըսէ Լը Փեն

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փեն արտայայտած է այն կարծիքը, որ Եւրոպական Միութեան կը սպասէ Խորհրդային Միութեան ճակատագիրը, այլ խօսքով` ան եւս պիտի փլուզուի:

«Եւրոպական Միութիւնը, ինչպէս Խորհրդային Միութիւնը, «վերանորոգման» ենթակայ չէ: Ես կ՛ուզեմ Եւրոպան վերադարձնել գերիշխան պետութիւններու միութեան կարգավիճակին», ըսած է քաղաքական գործիչը, որ 2012-ին Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութեան ընթացքին գրաւած էր 3-րդ դիրքը:

Ծայրայեղ աջակողմեան ուժերու ղեկավարը վստահ է, որ Եւրոպական Միութեան յաջորդող Եւրոպային բարգաւաճում կը սպասէ:

Մինչդեռ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփէյ անհանգստութիւն յայտնած է այն մասին, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ ամբոխավար քաղաքական գործիչներու, ներառեալ ծայրայեղ աջակողմեան հոսանքի ներկայացուցիչներուն դիրքերը կ՛ամրապնդուին:

Ռոմփէյ կը նախատեսէ, որ 2014-ի մայիսին կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները բաւական բարդութիւն պիտի ունենան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )