Պուլկարիա Պատ Պիտի Կառուցէ Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ ներքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Մարինով յայտարարած է, որ Պուլկարիոյ կառավարութիւնը հրամայած է երեսուն քիլոմեթր երկարութեամբ պատ կառուցել Էլխովօ քաղաքին մօտ գտնուող թուրք-պուլկարական սահմանին վրայ, որպէսզի սահմանապահները կարելիութիւն ունենան բազմապատկելու իրենց աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը:

Ան նաեւ նշած է, որ պատի կառուցումը նպատակ չունի գաղթականները ետդարձի մղելու, որովհետեւ իրենք այդպիսի քաղաքականութեան կողմ չեն` աւելցնելով, որ պատի կառուցման համար անհրաժեշտ է շուրջ 2.5 միլիոն եւրօ:

Պուլկարական կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն եկած ներգաղթեալներուն վիճակի վերահսկման համար 13.5 միլիոն եւրօ յատկացնելու հարցը:

Ըստ Պուլկարիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն, Պուլկարիոյ տարածքին մէջ կը գտնուին 6500 գաղթականներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES