Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է  հասկնան, թէ լիբանանցիները արտագաղթի եւ սովի ենթարկելով` գործած կ՛ըլլան այնպիսի սխալ մը, որուն հանդէպ կարելի չէ լուռ մնալ: «Չարիքին նկատմամբ լուռ մնացողը անիծեալ է, իսկ ժողովուրդը պատասխանատուներուն համար անարժէք է», հաստատեց Ռայի պատրիարքը: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց` կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլա մնայուն կերպով կը հսկէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակումէն կարճ ժամանակ ետք ազատ պիտի արձակուին նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էտմոն Ռըզք յայտնեց, որ Լիբանան կառուցուածքի իմաստով փուլ կու գայ` իր սկզբունքները կորսնցնելուն պատճառով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն դուրս գալու հզօր կամք գոյութիւն ունի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքները զգուշացումներ էին` երկրին պետական հաստատութիւնները հարուածող անիշխանութեան վերջ տալու առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ցաւ յայտնեց լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան կասեցումին համար եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն մը կազմելու որոշումը տակաւին չէ տրուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երբեք պիտի չընդունին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան վերանշանակումը: Այս ծիրին մէջ ան մերժեց նաեւ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան մը կազմութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց` կազմելու կարող կառավարութիւն մը, որ արագ միջոցին կրնայ որոշումներ փոխանցել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց` կազմելու կառավարութին մը, որուն մէջ լիբանանեան քաղաքական ուժ մը ուրիշին հետ բաղդատած մեծամասնութիւն չըլլայ, այլեւ` ըլլան կառավարութեան աշխատանքներուն հսկող գործընկերներ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն այլեւս արգելք չունի, որ Լիբանանի կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի անդամներ ներկայացուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները պիտի մասնակցին երեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին գումարուելիք խորհրդարանի լիագումար նիստին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ Մ. Սլէյման օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ֆինանսաւորելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ Պաապտայի յայտարարութիւնը ազգային սկզբունքի վերածուած է եւ յաջորդ կառավարութիւնները չեն կրնար անտեսել զայն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )