Ուիսամ Հասանի Նահատակութեան Ա. Տարելիցի Նշում
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան առաջին տարելիցին առիթով, Էշրեֆիէի «Իպրահիմ Մունզեր» փողոցին մէջ, ուր նահատակուած էր ան, զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը Էշրեֆիէի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպեց յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ոգեկոչեց Հասանի յիշատակը:
Ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երկրին ապահովական կառոյցները պիտի շարունակեն բծախնդրութեամբ հսկել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութեան:
Շարպել հաստատեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները մնայուն կերպով զոհողութիւն մատուցած եւ մինչեւ նահատակութիւն հասած են` ի խնդիր լիբանանցիներուն անվտանգութեան: «Անոնց շարքին է նաեւ Ուիսամ Հասան, որուն սպանութեամբ լիբանանեան պետութեան ստացած հարուածը` զինք աւելի հզօր դարձուցած է», ըսաւ Շարպել:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որ իր խօսքը ուղղեց Ուիսամ Հասանի, ըսաւ. «Կը հաստատենք, որ քեզի զգետնողին հաշուետուութեան պահը մօտեցած է եւ մօտիկ ապագային հետաքննութեան դրական արդիւնքներու պիտի յանգինք` բացայայտելով այս քստմնելի սպանութեան մանրամասնութիւնները», շեշտեց ան:
Ձեռնարկին աւարտին ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին շրջափակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ուիսամ Հասանի յուշարձանին:
Նշենք, որ «Ուիսամ Հասան»-ի անուան բարեսիրական միութիւնը Պիէլի մէջ կազմակերպեց յիշատակի երեկոյ մը` նուիրուած Հասանի յիշատակին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խօսքը արտասանեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, որ հաստատեց, թէ Ուիսամ Հասանը սպաննող ոճրագործները դատավարութեան պիտի ենթարկուին:
Անդրադառնալով լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն` Հարիրի հարց տուաւ, որ ի՞նչ գործընկերութեան մասին է խօսքը, երբ նոյնինքն այդ գործընկերութիւնը իրենց զէնքին թիրախ դարձուցած են:
Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կտրականապէս կը մերժէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն քանդիչ տարազը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր քարտուղար Աշրաֆ Ռիֆի իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հասանը սպաննող ոճրագործները իրենց պատիժը պիտի ստանան, որքան ալ անոնց պաշտօնները բարձր ըլլան:
Ռիֆի ընդգծեց, որ Ուիսամ Հասանի սպանութեան առումով արդարութիւնը անպայման պիտի ըլլայ տիրական: