Պըրրի – Սինիորա Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանցիներուն վերաբերող հրատապ հարցեր` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իր հանդիպումը լաւ էր, շինիչ եւ օգտակար:

Սինիորա շեշտեց, որ Պըրրիի հետ համաձայնած է այս հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները շարունակելու շուրջ:

Սինիորա ընդգծեց, որ քննարկուած թղթածրարներէն մէկն է խորհրդարանի նախագահին առաջադրած նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES