Նախագահ Սլէյմանի Այցելուները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով տարբեր երկիրներու կողմէ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին արդիւնքները եւ զանոնք գործադրելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ խորհրդարանին անունով բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դերակատարութիւնը` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանը այլոց տագնապներէն զանց կացուցելու առումով:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Պաապտայի յայտարարութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ կառավարական ներկայ պայմանները:

 

Share this Article
CATEGORIES