Լիբանան Մեծ Ուրախութեամբ Դիմաւորեց Շուրջ Մէկուկէս Տարիէ Ազեզի Մէջ Արգելափակուած Ինը Լիբանանցիները

Ազեզի թղթածրարը շաբաթավերջին փակուեցաւ` առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն տուն վերադարձով:

Ամբողջ տարուան մը եւ անոնց վրայ գումարուած հինգ ամիսներու տանջանքէ ետք, առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակուեցան, երբ Թուրքիա այս իմաստով սկսաւ գործակցիլ` Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն թղթածրարին լոյսին տակ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանն ու Հարաւային արուարձանները հարսանեկան մթնոլորտի մէջ էին` դիմաւորելով Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն խոստացող ընդդիմադիրներուն լուծին տակ չարչարուած ուխտաւորները:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին զուգահեռ, ազատ արձակուեցան եւ Պոլիս փոխադրուեցան Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուները, որոնք Ռայեաքէն լիբանանեան բանակին պատկանող ուղղաթիռով մը փոխադրուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր Մարուան Շարպելի ներկայութեամբ անոնք յանձնուեցան Լիբանանի մէջ թուրք դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի, ապա դեսպանին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Թուրքիա:

Պոլսոյ մէջ թուրք օդաչուները դիմաւորեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ իրագործուած այս նուաճումը Լիբանանի յաղթանակն է` շնորհակալութիւն յայտնելով Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, որ իր ջանքերով դիւրացուցած է այս գործողութիւնը:

«Մենք տակաւին շատ աշխատանք ունինք կատարելիք, յատկապէս առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն եւ այլ առեւանգեալներու ազատ արձակումին իմաստով, հետեւաբար այս յաղթանակը տակաւին մասնակի է եւ ոչ ամբողջական», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ բանակցութիւնները բարդ եղած են` աւելցնելով, որ եթէ կամենաս, այն ատեն ոչինչ դժուար է: «Ի վերջոյ այս աշխատանքին աւարտին իմ միակ մաղթանքս էր այս տեսարանին ականատես դառնալ», եզրափակեց ան` ակնարկելով առեւանգուածներու ընդունելութեան շուրջ լիբանանցիներուն միասնականութեան:

Իպրահիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առումով ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ազատ արձակուած լիբանանցիները դիմաւորուեցան հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, նախարար Մարուան Շարպելի, պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ հոգեւորականներու կողմէ:

Ազատ արձակուած լիբանանցիներէն Ապպաս Շաայպ յայտնեց, որ ինք խոշտանգումի ենթարկուած է` աւելցնելով, թէ զիրենք առեւանգող աւազակախումբը շիի յարանուանութեան դէմ է որ կը պատերազմի:

Շաայպ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին իր ազատ արձակումին, յատկապէս անոնց, որոնք առեւանգեցին թուրք օդաչուները, «որովհետեւ առանց այդ գործողութեան անկարելի էր մեր ազատ արձակումը», ըսաւ ան:

Ազատ արձակուած այլ լիբանանցի մը` Ալի Ապպաս շեշտեց, որ զիրենք առեւանգող աւազակախումբը անխիղճ եւ անգութ մարդոց խումբ մըն էր, եւ որոնց կատարած առեւանգման գործողութիւնը աննպատակ էր: «Անոնք այն տպաւորութիւնը ունին, որ ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները Հըզպալլայի անդամներ են, Դիմադրութեան ուղեգիծին կը հետեւին եւ այդ իսկ պատճառով չարչարեցին մեզ», ըսաւ ան:

Հարաւային արուարձաններուն մէջ շաբաթ օր ուշ գիշերին տեղի ունեցած ժողովրդային փառատօնին ընթացքին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար արտասանեց Հըզպալլայի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ այսօր բոլորս անտարակոյս ուրախ ենք, «սակայն այդ ուրախութիւնը մասնակի է` նկատի ունենալով, որ տակաւին կան երկու եպիսկոպոսները` Եուհաննա Իպրահիմն ու Պուլոս Եազիժին եւ լիբանանցի այլ քաղաքացի մը` Հասսան Մըքտատը, որոնք առեւանգուած կը մնան»:

Ամմար շնորհաւորեց լիբանանցի ժողովուրդն ու ազատ արձակուած լիբանանցիներուն հարազատները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութեան պետերուն եւ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը ապահոված բոլոր պատասխանատուներուն, որոնց ջանքերը արդիւնաւէտ եղան:

Իր կարգին, երեսփոխան Ղազի Զաայթեր` Ամալ շարժումին անունով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան միայն նման տեսարաններով կը զօրանայ, որովհետեւ անոնք կը փաստեն բոլոր դժուարութիւններուն դէմ պայքարելու Լիբանանի կամքին առկայութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը Ապպաս Իպրահիմի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի հետ քննարկեց առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին մանրամասնութիւնները` ընդգծելով անոնց` իրենց ընտանիքներուն վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպի հետ` իմանալու համար ազատ արձակուած լիբանանցիներուն առողջութեան մասին եւ անոնց փոխանցեց իր ողջոյնները:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` թուրք օդաչուներուն տունդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիւլի` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու անոր ջանքերուն համար:

Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց ազատ արձակուած լիբանանցիները` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չխնայեց անոնց ազատ արձակման իմաստով:

«Ասիկա առիթ մըն է շնորհաւորելու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին լիբանանցիներուն ազատ արձակումին, յատկապէս նախարար Մարուան Շարպելին եւ Ապպաս Իպրահիմին, որ մնայուն կերպով կապի մէջ էր թրքական, սուրիական, քաթարեան եւ պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ` կատարելու համար լիբանանցիները ազատ արձակելու փոխարէն պահանջուած նախապայմանները», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան ազգային միասնակամութիւնը` զայն նկատելով այս թղթածրարին լուծման հիմնական բանալիներէն մէկը:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները եւս ազատ կ՛արձակուին` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին առեւանգուած լիբանանցիները մնայուն կերպով իրենց մտքերուն մէջ են, եւ իրենք կը գիտակցին անոնց տունդարձին համար հետեւողական աշխատանք տանելու կարեւորութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Պաղեստինի իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի, որ անձամբ մեծ ջանքեր ի գործ դրաւ` անոնց ազատ արձակման համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն անոնց ի գործ դրած ճիգին համար:

«Իսկ մնայուն շնորհակալութիւնը կ՛երթայ Սուրիոյ, որ ամէն մակարդակի վրայ գործակցեցաւ` այս թղթածրարին լուծման առումով, մինչեւ առեւանգուածներուն ազատ արձակումը», հաստատեց Պըրրի:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ինը լիբանանցիները շնորհաւորեց` անոնց ազատ արձակումին առիթով, աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին փակումով Լիբանանի համար ցաւալի էջ մը եւս պիտի փակուի:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Շարպելի հետ, որ զինք տեղեակ պահեց առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մասին:

Սալամ շնորհաւորեց ինը լիբանանցիներուն ընտանիքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել լիբանանցիները:

Վարչապետը դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը, որոնք դրական արդիւնքներով պսակուեցան:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները եւ ողջունեց այն բարի ջանքերը, որոնց շնորհիւ յաջողութիւն արձանագրուեցաւ` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու իմաստով:

Այս իմաստով Հարիրիի բարձր գնահատեց Քաթարի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ զօր. Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:

Ան մաղթեց նաեւ, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եւս ազատ կ՛արձակուին:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շնորհաւորեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը` շեշտելով, որ այդ առեւանգումը սուրիական ընդդիմութեան շահերուն չէ ծառայած, այլ վնաս հասցուցած է լիբանանցի եւ սուրիացի քոյր ժողովուրդներուն:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առիթով, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շնորհաւորեց նախագահ Սլէյմանը, խորհրդարանի նախագահը, նախարար Մարուան Շարպելը, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանը եւ Ապպաս Իպրահիմը` անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այս առիթով շնորհաւորեց Լիբանանն ու լիբանանցիները` յայտնելով, որ իրենք կը շարունակեն աղօթել, որպէսզի վերադառնան նաեւ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները:

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը շնորհաւորեց առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը` ընդգծելով, որ իրենց ուրախութիւնը ամբողջական պիտի ըլլայ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ազատ արձակումով:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն շնորհաւորեց առեւանգուած լիբանանցիները` անոնց տունդարձին առիթով եւ մաղթեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ կ՛արձակուին:

Ղոսըն հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան անխոնջ եւ հետեւողական աշխատանքով է, որ կարելի եղաւ յաջողեցնել լիբանանցիներուն ազատ արձակումը:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու նաեւ առեւանգուած եպիսկոպոսները:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին Ատնան Մանսուրի հետ, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` ինը առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին առիթով:

Մոալլեմ շեշտեց, որ Սուրիա ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ` Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով:

Իր կարգին, Մանսուր` Մոալլեմի ճամբով շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ, որուն ցուցաբերած գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել առեւանգուած լիբանանցիները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )