Էդուարդ Միլիտոնեան` Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ

Երէկ` 20 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարը, որուն միակ օրակարգն էր միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի մահուամբ թափուր մնացած պաշտօնին համար:

Համագումարի մասնակիցներու քուէներու մեծամասնութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ ընտրուեցաւ Էդուարդ Միլիտոնեան:

«Երկիր»-ին համաձայն, համագումարին ընթացքին տեղի ունեցան սուր քննարկումներ: Էդուարդ Միլիտոնեան ստացաւ 199 քուէ, Յովիկ Յովէեան` 100, Դաւիթ Սարգսեան` 24, իսկ Ռոմիկ Խաչատրեան` 4: Անվաւեր նկատուեցան 7 քուէներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )