ՖԻՖԱ-ն Կրնայ Զրկել Քոսթային` Պրազիլի Եւ Սպանիոյ Հաւաքականներուն Մաս Կազմելէ

Սպանական մամուլին համաձայն, Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա կրնայ զրկուիլ 2014-ի Մոնտիալին մասնակցելէ:

Շատ հաւանական է, որ ՖԻՖԱ-ն արգելք հանդիսանայ Քոսթայի ո՛չ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ ո՛չ ալ` Սպանիոյ հաւաքականին մաս կազմելուն:

Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ մօտէն հետաքրքրուած է Քոսթայի ծառայութիւններով: Սակայն ատոր երբե՛ք համաձայն չէ Պրազիլի մարզիչը Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի:

Ասկէ մեկնելով` Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գանգատ ներկայացուց ՖԻՖԱ-ին, որպէսզի արգելք հանդիսանայ անոր Սպանիոյ միացումին:

Նշենք, որ Տիեկօ Քոսթա անձամբ փափաք յայտնած է մաս կազմելու Սպանիոյ խումբին:

Share this Article
CATEGORIES