Համակիրներու Թիւի Իմաստով. Պարսելոնա` Աշխարհի Առաջինը
Հայկական լրատու ArmSport.am գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ համակիրներու թիւի իմաստով Պարսելոնա աշխարհի ամէնէն մեծաթիւ համակիրները ունեցող ակումբն է:
Գերմանական «Եուրոմերիքաս Սփորթց Մարքըթինկ» կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Պարսելոնայի համակիրներուն քանակը կը հասնի 340 միլիոնի:
Ֆութպոլասէրներու քանակով, առաջին եռեակին մէջ են նաեւ` Մանչեսթըր Եունայթըտ (322 միլիոն) եւ Պայէրն Միւնիխ (192 միլիոն):
Ռէալ Մատրիտ կը գտնուի չորրորդ դիրքին վրայ` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբին համակիրները միայն 172 միլիոն են:
CATEGORIES Մարզական

