2014-ի Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներուն Նախօրեակին. Մեքսիքայի Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ
Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, Մեքսիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը Վիքթոր Վիւչեթիչը:
Ան այսպիսով կը դառնայ երրորդ մարզիչը, որ վեց շաբթուան ժամանակամիջոցին կը կորսնցնէ իր պաշտօնը` որպէս Մեքսիքայի մարզիչ:
Ըստ մեքսիքական մամուլին, Միկել Հերերա նշանակուեցաւ անոր յաջորդը:
Անոր պաշտօնազրկումը սակայն, կը կատարուի քիչ մը անյարմար ատեն` նկատի ունենալով, որ 2014-ի Մոնտիալի տոմս մը ապահովելու համար Մեքսիքա փլէյ-օֆ-ի մրցումներ ունի կատարելիք Ովկիանիոյ սահմանագօտիին մաս կազմող Նիւ Զելանտայի դէմ, երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 նոյեմբերին` Մեքսիքօ քաղաքին մէջ, իսկ դարձի մրցումը երթի մրցումէն շաբաթ մը ետք, Ուելինկթընի մէջ:
Պատրաստուելու համար այս մրցումներուն, Մեքսիքա 30 հոկտեմբերին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Ֆինլանտայի դէմ:
Լուրը, որ հրապարակեց «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը, կ՛աւարտի նշելով, թէ Մեքսիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը մեծապէս մտահոգ է, որ Մեքսիքա, 1990-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կրնայ չմասնակցիլ Մոնտիալին: