Կիրակնօրեայ Խօսքը. Արտասովոր Դրուագներու Թուականը` Հոկտեմբեր 13…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, ողջոյննե՜ր Հայաստանէն, ուրկէ այս անգամ կը պատմեմ քեզի քանի մը դրուագներ այն անհաւատալի դէպքերէն, որոնք դիպեցան այսօր ճիշդ 97 տարիներ առաջ Փորթուգալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ: Անոնց մասին կը գրեմ, որովհետեւ հարցնողները բազմաթիւ են, նաեւ` մեր սիրապաշտելի հայրենիքին մէջ:
«Անհաւատալի՛» որակական ածականը կը շեշտեմ հոս` քեզի հետ զգալու համար, որ թերեւս չհաւատաս, քանի ես ալ սկիզբը չհաւատացի, ինչպէս ալ շատեր դեռ չեն հաւատար մինչեւ այսօր: Ազատ ես: Ազատ են: Իմ կարգիս, սակայն, ես ալ ազատ եմ. ուստի, ե՛ս կը հաւատամ եւ հաւատքի՛ս համեղ պտուղը կը ճաշակեմ ամէն օր:
Թուականն էր 13 հոկտեմբեր 1917: 13 մայիս 1917-էն սկսեալ, ամիսը մէկ անգամ, Աստուածամայրը կը տեսնուէր ու կը խօսէր երեք հօտաղներու, որոնց անուններն էին` Լիւսիա (10 տարեկան), Յակինթա (9 տ.) եւ Փրանկիսկոս (7 տ.): Վերոյիշեալ թուականը վեցերորդ ու վերջին տեսակցութիւնն էր: Ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը…
Իր խոստումին համաձայն, Մարիամ Սուրբ Կոյսը` «Լուսաճաճանչ Գեղուհին», ատենին եւ նոյն տեղը երեւցաւ իր ընտրեալներուն, որոնց ուղղած խօսքերէն կը մէջբերեմ. «Ես Վարդարանի Տիրամայրն եմ. ի պատիւ ինծի կառուցելու էք մատուռ մը: Ամէն օր աղօթեցէ՛ք վարդարանը: Պատերազմը պիտի վերջանայ եւ զինուորները շուտով տուն պիտի վերադառնան:
«Մարդերը պէտք է սրբագրեն իրենք զիրենք եւ ներում խնդրեն իրենց մեղքերուն համար: Այլեւս մի՛ նախատէք Աստուած, Տէրը, որ արդէն այնքան շատ նախատուեցաւ»:
Ապա Աստուածամայրը, որ վերջին նախադասութեան ատեն տխրեցաւ, բացաւ իր ձեռքերը եւ հայելացուց զանոնք արեւուն մէջ: Մինչ կը վերանար, անոր լոյսը տարածուեցաւ արեւին վրայ: Այս ակնթարթին Լիւսիա բացագանչեց. «Նայեցէ՛ք արեւին»:
Աստուածածինն արդէն աներեւութացած էր երկնակամարին անվերջանալի հեռաւորութեան մէջ, երբ երեք պատկերացումներ դիպեցան տեսանողներուն աչքերուն առջեւ: Առաջինը կը ներկայացնէր վարդարանին «Ուրախութեան խորհուրդները», երկրորդը` «Տրտմութեան խորհուրդները» եւ երրորդը` «Փառաւորութեան խորհուրդները»:
Միջանկեալ իմացնեմ վարդարանեան մանրամասնութիւն մը ԺԶ. դարէն, որ կը շոյէ հայու մեր արդար հպարտանքը: Հայրենի պատմական հողերուն վրայ մեր նախնիներէն բիւրաւոր մարեմասէրներ, իբրեւ առաջիններն Արեւելքին մէջ, կ՛աղօթէին վարդարանը` մտածելով երկուշաբթի, երեքշաբթի ու շաբաթ` «Ուրախութեան խորհուրդները», չորեքշաբթի եւ ուրբաթ` «Տրտմութեան խորհուրդները», հինգշաբթի ու կիրակի` «Փառաւորութեան խորհուրդները»:
Արեւին քով երեւցաւ Ս. Ընտանիքը` Յիսուս Մանուկը շալկած Ս. Յովսէփ ու Մարիամ` Վարդարանի Տիրամայրը: Կուսամայրը սպիտակ հագուստին վրայ ունէր կապոյտ վերարկուն: Խնամակալ Հայրը նոյնպէս սպիտակազգեստ էր, իսկ Յիսուս Մանուկը հագած էր բաց կարմիր: Ս. Յովսէփ օրհնեց բազմութիւնը` երեք անգամ խաչակնքելով: Նոյնն ըրաւ աստուածային Մանուկը:
Այս եւ այլ զարմանահրաշ տեսարաններու ընթացքին կ՛անձրեւէր 50-է մինչեւ 70 հազար հոն հաւաքուածներուն վրայ, որոնք, սակայն, անդրադարձան, թէ իրենց զգեստները չորցած էին տեսիլքին վերջաւորութեան…
Լիւսիայի բացագանչումին, թէ` «նայեցէ՛ք արեւին», ամպերը բաժնուեցան իրարմէ, այնպէս որ, ներկաները կրցան տեսնել արեւը` իբրեւ հսկայ սկաւառակ մը արծաթեայ: Երբեք այսպէս զօրաւոր չէր ճառագայթած եւ սակայն չարտացոլաց կուրցնելով զանոնք: Այս տեսարանը տեւեց միայն ակնթարթ մը. ապա շատ խոշոր սկաւառակը սկսաւ «պարել»: Ինչպէս վիթխարի հրանիւ մը` արեգակը դարձաւ բարձր արագութեամբ. պահ մը կեցաւ, ապա ինքնիր շուրջ սկսաւ դառնալ գլխապտոյտ պատճառող աներեւակայելի սրընթացութեամբ: Աւելի ուշ անոր ծիրը բազմագոյն եղաւ: Կրակէ խառնուրդ էր, որ կը շողարձակէր հրեղէն լեզուներ: Անոնց լոյսը զանազան երանգներով կը ցոլար ոչ միայն գետնին, ծառերուն եւ մացառներուն, այլ նաեւ մարդերու երեսներուն ու զգեստներուն վրայ:
Այս սքանչելիքին եռապատիկ կրկնումէն ետք թուեցաւ, որ լուսագունդը կը դողար եւ կը թօթափէր ինքզինքը, որպէսզի յետոյ դարձդարձիկ ընթացքով գլորէր սարսափահար բազմութեան վրայ: Այս ամբողջ պատահածը տեւեց մօտաւորապէս տաս վայրկեան: Վերջապէս, արեւը նոյն ձեւով վերադարձաւ իր ելակէտին, թուեցաւ նորէն հանդարտ. սկսաւ արձակել իր ճառագայթները ինչպէս կ՛ընէր ամէն օր: Այլեւս ամէն բան խաղաղ ու բնական էր, բացի ներկաներուն սրտերէն ու մտքերէն: Ինչպէս վերջը յայտնի եղաւ, արեգին հրաշքը տեսնուեցաւ բազմաթիւ վկաներէն, որոնք տեսլավայրը չէին, այլ անկէ հեռու էին մինչեւ քառասուն քիլոմեթր:
Հուսկ յայտնեմ, որ տեսլավայրը գտնուած լրագրողներ, ո՛չ անպայման հաւատացեալ կամ համամիտ, յաջորդ օրն իսկ եւ երկու շաբաթները մանրամասնօրէն տեղեկագրեցին իրենց տեսածներուն եւ լսածներուն մասին` այսպէս կամայ-ակամայ դառնալով ականատես եւ ականջալուր առաջի՛ն վկաները Ֆաթիմայի պատմութեան, որուն առանցքը կազմեց, կը կազմէ եւ պիտի կազմէ մինչեւ աշխարհին կատարածը «Լուսաճաճանչ Գեղուհիին» այս վախճանախօսական յորդորը` ուղղուած բոլոր մարդերուն. «Ամէն օր աղօթեցէ՛ք վարդարանը, որպէսզի ստանաք խաղաղութիւնն աշխարհին: Ապաշխարեցէ՛ք ձեր մեղքերը: Դարձի՛ եկէք: Վերադարձէ՛ք Աստուծոյ»:
Երեւան, 14 հոկտեմբեր 2013

