Արդարադատութեան Նախարարութեան Տուեալները Կը Բացայայտեն, Որ Ազրպէյճանը Միլիոններ Կը Վճարէ Ամերիկեան Ընկերութիւններուն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու մէջ լողացող, սակայն բարոյականութենէն զուրկ Ազրպէյճան զբաղած է հսկայական գումարներ բաժնելով բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են ուշադրութիւն դարձնելու իր քարոզչութեան:
Պաքուի կաշառակերութեան գծապատկերը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է իբրեւ «խաւիարային դիւանագիտութիւն», այժմ ալ իր թակարդի մէջ առած է Ուաշինկթընի ազդեցիկ վերնախաւը: Ըստ երեւոյթին, պակասը չի զգացուիր ամերիկացիներու, որոնք պատրաստ են իրենց հոգիները ծախելու որեւէ գումարի համար: Ազրպէյճանը, իբրեւ լոպիինկի ասպարէզի մէջ նորելուկ, արագօրէն սորվեցաւ այդ ոլորտի հնարքները իր «աւագ եղբայր» Թուրքիայէն` քաղաքական խաբէութեան քաջատեղեակ վարպետէն:
Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կայքէջը կը հրապարակէ տասնմէկ ամերիկեան ընկերութիւններու անուններ եւ գումարներ, որոնք վճարուած են ազրպէյճանական տարբեր մարմիններուն կողմէն.
– Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 35 հազար տոլար կը վճարէ «Փաթոն պոկս» ընկերութեան` «Միացեալ Նահանգներ- Ազրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ խորհրդատուութեան եւ աջակցութեան համար», ամսական 18.3 հազար տոլար «Մելվուտ քոմունիքէյշնս» ընկերութեան` «Լրատուամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան ռազմավարութեան» աջակցելու համար, ամսական 20 հազար տոլար «Տի. Սի. Այ. կրուփ»-ին` «Հանրային կապերու եւ լրատուական քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ վերլուծական կեդրոններու հետ յարաբերութիւններու ստեղծման» համար, եւ ամսական 45 հազար տոլար «Տը Փոտեսթա կրուփ»-ին` հանրային կապերու իրականացման համար:
– «Տը Լիվինկսթոն կրուփ»-ը, որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Պոր Լիվինկսթոնին անունը, որ իր պաշտօնը լքած է խայտառակ ձեւով, մինչ այժմ ստացած է 2 միլիոն տոլար` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնելու համար:
– Ազրպէյճանի միջազգային դրամատունը «Ճեֆըրսըն Ուոթըրման ինթըրնեշընըլ»-ին ամսական 25 հազար տոլար կը վճարէ` «Ամերիկեան հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման» եւ «Լրատուամիջոցներու հետ կապերու ռազմավարութեան» համար: Նշուած ընկերութիւնը ամսական կը ստանայ եւս 25 հազար տոլար «Ազրպէյճանի նախագահութենէն»` լրատուական ռազմավարութեան խորհրդատուութեան համար: Ազրպէյճանի միջազգային դրամատան բաժնետոմսերուն 51 տոկոսը կը պատկանի Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան:
– Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքը «Ֆապիանի էնտ քոմփընի» ընկերութեան ցարդ վճարած է 2.4 միլիոն տոլար` «Ռազմավարութիւններու ծրագրաւորման եւ իրականացման համար` ազրպէյճանական ժողովուրդի, երկրի, մշակոյթի եւ միջազգային կապերու մասին հետազօտութիւններ եւ շահերու պաշտպանութիւն խրախուսելու նպատակով»: Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի ամերիկեան դաշինքի կազմակերպած ճաշկերոյթին կը մասնակցէին 700 հիւրեր, որոնց շարքին էին` Օպամայի վարչամեքենայի պաշտօնատարներ, Քոնկրեսի անդամներ եւ օտար դիւանագէտներ: Խնճոյքին ներկայ էին նաեւ հայկական հարցերու ընդդիմախօս տխրահռչակ քոնկրեսականներ, անոնց շարքին` ծերակուտականներ Սաքսպի Չեմպլիս եւ Ռիչըրտ Պըր, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պոեհնթր եւ նախկին քոնկրեսական Տեն Պարթըն:
– «Ռոպերթի Ուայթ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան (ՍՊԸ) ամսական 20.9 հազար տոլար վճարուած է Միացեալ Նահանգներու «Սոքար»-ի` Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան ամերիկեան դուստր ընկերութեան կողմէն` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործարարական կարելիութիւնները ուսումնասիրելու համար:
– Քանի որ դրամի պակաս չկայ, նոյնիսկ Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը կրնայ ինքնիրեն թոյլ տալ վարձել հասարակութեան հետ կապերու իր սեփական ընկերութիւնը: Տարիներու ընթացքին ան օգտուած է «Սիթրիք էնտ քոմփընի» ընկերութեան (տարեկան 50 հազար տոլար), «Թուլշետ կրուփ»-ի (35 հազար տոլար), որ հիմնադրուած է Ամերիկայի Հրէական կոմիտէի հասարակութեան հետ կապերու նախկին տնօրէն Ճէյսըն Կացի կողմէ, եւ «Փոթոմաք սքուէր կրուփ»-ի (գումարը չէ բացայայտուած) ծառայութիւններէն` «լրատուական քարոզչութիւն® եւ խմբագիրներու հետ համագործակցութիւն ապահովելու համար»:
Այժմ ի յայտ եկած է նախկին այլ քոնկրեսական մը, որ Ազրպէյճանի ամենակարող տոլարներուն հետապնդման լծուած է: Նիւ Եորքի նախկին քոնկրեսական Մայքլ Մաքմահըն կը զբաղի այսպէս կոչուած հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան (տարածք մը, որ ճանչցուած է միայն զայն բռնագրաւած պետութեան` Թուրքիոյ կողմէ) հանրային կապերով եւ պետական յարաբերութիւններով: Մաքմահընը, որ մինչեւ 2010 թուականի իր պարտութիւնը ծառայած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, կը գլխաւորէ լոպիիստական աշխատանքները Նիւ Եորքի «Հերիք, Ֆայնշտէյն» ընկերութեան անունով, որ շահած է տարեկան 200 հազար տոլարի պայմանագիր` դէպի բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս քոնկրեսական այցելութիւններ կազմակերպելու եւ լրատուամիջոցներով անոր հանրային վարկանիշը բարելաւելու նպատակով: Մաքմահըն նաեւ զբաղած է Նիւ Եորք Քաղաքի մէջ Թուրքիոյ ընդարձակուող հիւպատոսութեան զարգացմամբ եւ շինարարութեամբ:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Մաքմահընի անունը անցեալ շաբաթ ջուրի երես ելաւ` փորձելով օրինականացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի կեղծուած վերընտրութիւնը, ուր ան հաւաքած էր քուէներուն 85 տոկոսը, մինչդեռ անոր ինը մրցակիցները միասին ստացած էին մնացած 15 տոկոսը:
Հակառակ անոր որ միջազգային դէտերը կը քննադատէին Ալիեւի վերընտրութիւնը` իբրեւ «անարդար եւ կեղծիքներով լի», «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` մէջբերելով Մաքմահոնը, կը նշէ, որ ընտրութիւնները եղած են` «Ազնիւ, արդար եւ իրօք արդիւնաւէտ: Այնտեղ աւելի կարճ էր կարգի սպասողներու շարքը, քան` Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ վիճելի քուէաթերթիկներ չկային», ինչ որ պատահեցաւ Ֆլորիտայի մէջ 2000 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Վրդովեցուցիչ է, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը դարձած է Մաքմահընին զոհը` որոշելով կեղծուած ընտրութիւններուն մասին իր յօդուածը վերնագրել «Դէտերը տարակարծիք են Ազրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու արդարութեան վերաբերեալ»: Այսպիսով, «Թայմզ»-ը անձի մը ազրպէյճանամէտ քարոզչութիւնը հաւասարեցուցած է համատարած խարդախութիւններու ճնշող ապացոյցներուն հետ` հաստատուած այնպիսի հեղինակաւոր միջազգային դէտերու կողմէ, ինչպիսին է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ): Բարեբախտաբար «Թայմզ»-ը մատնանշած է, որ` «կը թուի, թէ գնահատականներուն տարբերութիւնը կ’արտացոլացնէ Ալիեւի կառավարութեան հակասական լոպիստական ջանքերը` ընտրութիւնները ներկայացնելու իբրեւ արդար»:
Ամերիկահայերը չեն կրնար մրցիլ ազրպէյճանական շռայլ բաշխումներու հետ: Անոնք պէտք չէ ալ այդպէս ընեն: Ամերիկահայերը կարիքը չունին միլիոններ ծախսելով լոպինկ ընել առկայ փաստերը ներկայացնելու համար, քանի որ ճշմարտութիւնը իրենց կողմն է:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը