Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք ձախողեցնել անմիտ մարդոց կողմէ ձեր դէմ լարուած խաղերը: Խաբեբայութեամբ պատրաստուած խաղը չի յաջողիր: Անհոգ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ մրցակցութիւն մը ստեղծուի ձեր շուրջը, կրնաք յաղթական դուրս գալ: Ասիկա ձեր կարողութիւնը փորձել կը նշանակէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի ստիպուիք ծառայութիւն մը մատուցել անձի մը, որ կարօտը ունի զարգանալու: Ձեր գիտելիքները անոր փոխանցեցէք համբերութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Վստահութիւն պիտի ունենաք ձեր անձին: Այս կեցուածքը առաջին քայլը պիտի ըլլայ դէպի յաջողութիւն: Կասկածը հեռացուցէք ձեզմէ, կը յաղթէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամ մը կը վստահի ձեզի` որոշ հարցերու օգնութիւն յուսալով: Յուսախաբ մի՛ ընէք զինք: Ձեր հոգին կը խաղաղի այս բարիքով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ինքնավստահ եղէք: Վերջապէս, պարտադրեցէք ձեր գաղափարները, որպէսզի ընդունին բոլորը: Կը յաջողիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը փափաքի ճամբորդել: Յարմար ժամանակը որոշեցէք եւ ջանացէք ճամբորդել, որովհետեւ շատ գոհ պիտի մնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք է գիտնաք միշտ մտածել խնայողութեան մասին, ապա թէ ոչ կը կորսնցնէք ձեր հաշիւը: Ձեր շահածէն աւելի մի՛ ծախսէք, կը տուժէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դատական վէճ մը կամ մրցակցութիւն մը պիտի աւարտի ի նպաստ ձեզի: Այս իրողութիւնը հոգեկան թեթեւութիւն պիտի տայ ձեզի, ձեր ուսէն բեռ մը պիտի նետէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ վարանիք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ առաջարկ մը ներկայացնելու ձեր տնօրէնին կամ ձեր մէկ պատասխանատու անձին: Պատեհութիւն ստեղծեցէք այդ մասին խօսելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը նորութիւն ունի: Հրաւէր մը պիտի ստանաք անձի մը կամ հաստատութեան մը կողմէ: Պատասխանեցէք դրական տրամադրութեամբ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ներկայիս դուք այն չէք, ինչ որ էիք անցեալին: Փոխուած էք ամէն տեսակէտով: Այս երեւոյթը հասկցուցէք ձեր շուրջիններուն: Օրը պիտի օգնէ ձեզի: Կատարեցէք ձեր ուզածը: