50 Տարի Առաջ (22 Հոկտեմբեր 1963)

Նամակ Լոնտոնէն

Հայ Վարժարաններու Տնօրէններ
Անգլիոյ Մէջ

«Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ եւ Անգլիոյ կրթական նախարարութեան կազմակերպութեամբ, սփիւռքի հայ նախակրթարան եւ երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները վերջերս այցելեցին Անգլիա` մօտէն գաղափար մը ունենալու Անգլիոյ վարժարաններու ուսուցման մեթոտներուն մասին:

Հայ տնօրէնները նախ Լոնտոնի մէջ ներկայ եղան երկու դասախօսութիւններու` կազմակերպուած Անգլիոյ կրթական-նախարարութեան կողմէ, նիւթը` «Կրթութիւնը Անգլիոյ մէջ»:

Ապա մեկնեցան Վելզեն, ուր մօտէն հետեւեցան տեղւոյն նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարաններու կարգ ու սարքին: Ինչպէս նաեւ ներկայ եղան շահեկան դասախօսութիւններու:

Յետոյ մեկնեցան Լիծ, ուր դարձեալ այցելեցին զանազան վարժարանները: Լիծ համալսարանի դասախօսները դասախօսեցին` «Անգլերէնը որպէս երկրորդական լեզու», ուսուցանելու շուրջ: Հայ տնօրէնները նաեւ այցելեցին (Օքսֆորտ) եւ Շէյքսփիրի ծննդավայրը, «Սթրատֆորտ օն Աւոն»:

Սեպտեմբեր 25-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր կեդրոնին մէջ հայ տնօրէններուն ի պատիւ կազմակերպեց երեկոյ մը, որուն կրթական մարզին պատկանող երեւելի դէմքեր ներկայ գտնուեցան:

Հայ տնօրէնները այցելեցին Մանչեսթըրի հայոց եկեղեցին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին պատարագի երգեցողութեան: Լոնտոնի մէջ այցելեցին «Հայ տուն» եւ հայոց եկեղեցին:

Սեպտեմբեր 27-ին «Հայ տան» մշակութային յանձնախումբը հայ տնօրէնները հրաւիրեց վիճաբանական երեկոյի մը, նիւթը` «Սփիւռքահայ գրողը չի՞ կրնար յարատեւել»: Ներկայ հասարակութիւնը առիթը ունեցաւ հանդիպելու եւ լսելու սփիւռքի զանազան վարժարաններու տնօրէնները:

Գնահատանքի առաջին խօսքը կ՛երթայ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, որ նախաձեռնեց նման ազգօգուտ գործի մը:

Սփիւռքի հայ վարժարաններու տնօրէններուն կը մաղթենք յաջողութւն:

Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

Լոնտոն

 

Համազգայինի Թատերասէրներու
«
Գասպար Իփէկեան» Խումբը
Մեկնեցաւ Իրան

Կիրակի, 20 հոկտեմբեր առաւօտեան ժամը 9:30-ին, օդի ճամբով, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը (20 հոգի) գլխաւորութեամբ Ժորժ Սարգիսեանի, մեկնեցաւ Թեհրան, «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան հրաւէրով:

Խումբը Թեհրանի մէջ պիտի բեմադրէ Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ը եւ Ք. Մանիէի «Օսքար»-ը, ընդամէնը` 12 ներկայացում: Խումբը պիտի այցելէ նաեւ Ապատան:

Իրանահայ հոծ գաղութը, որ 1959-ին մեծապէս գնահատած էր «Գասպար Իփէկեան» խումբին 15 ներկայացումները («Ոսկի աքաղաղ», «Շղթայուած»-ը եւ «Տուն-փեսայ»), անհամբերութեամբ կը սպասէր անոր երկրորդ այցին: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս թատերասէրները պիտի ունենան մեծ յաջողութիւն եւ պիտի աւելցնեն նոր յաղթանակ մը` իրենց արդէն իսկ հարուստ փուլմարեսին վրայ:

Լիբանանէն դուրս իր այս 12-րդ ճամբորդութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» խումբը անգամ մը եւս կը շեշտէ իր միջգաղութային բնոյթն ու արժէքը: Անհրաժեշտ է, որ ստեղծուին պայմաններ, առիթ տալու համար այս խումբին` աւելի յաճախ շրջելու գաղութէ գաղութ, որովհետեւ իր ստեղծած խանդավառութիւնն ու ոգեւորութիւնը անջնջելի տպաւորութիւններ են եւ մեծապէս կը նպաստեն հայապահպանման գործին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )