ՕԹԱՆ-ի Յատուկ Ներկայացուցիչը` Ղարաբաղի, Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւններու Ու Դաշինքի Բաց Դռներու Մասին

ՕԹԱՆ-ն յոյսով է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը շուտով պիտի կարգաւորուի: Այս մասին 18 հոկտեմբերին լրագրողներուն յայտնած է ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայը:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմէն Հայաստանի ու Արցախի հասցէին հնչող մնայուն սպառնալիքներուն` Ափաթուրայը նշած է, որ արդէն ծանօթ է, թէ ՕԹԱՆ-ն Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ որեւէ դերակատարութիւն չունի, բայց կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ջանքերուն: «Մենք կը գործակցինք ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի հետ: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտը կը դնենք ղարաբաղեան խնդրի բացարձակապէս խաղաղ կարգաւորման հարցին վրայ: Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, միակը` փոխզիջումային, քաղաքական լուծումն է: Տարածաշրջանի բոլոր երկիրները տնտեսական, քաղաքական մեծ օգուտներ պիտի ստանան այս հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք», աւելցուցած է Ափաթուրայը:

ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ, ինչպէս յայտնի է, մօտիկ ապագային Մինսքի գործընթացի ծիրին մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը: «Յոյսով ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին կը կարգաւորուի», յայտնած է ան:

Խօսելով Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի գործակցութեան մասին` Ափաթուրայը նշած է, որ Հայաստանը միջազգային անվտանգութեան ապահովման աշխոյժ մասնակիցներէն է, ինչպէս նաեւ` խաղաղապահ առաքելութիւններու կազմին մէջ:

«ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանին` պաշտպանական նոր համակարգի ստեղծման, Հայաստանի ռազմական կրթութեան արդիականացման, որպէսզի անիկա համապատասխանէ բարձրագոյն չափանիշներուն», ըսած է Ափաթուրայ: Անոր համաձայն, իրենք Հայաստանի հետ կը գործակցին նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու մէջ. ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Ըստ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչին, իրենց համար շատ յստակ է, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան մէջ է, ինչ որ երկրին ինքնիշխան որոշումն է, սակայն Հայաստանը միշտ ալ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարած է եւ ընդլայնած իր գործակցութիւնը նաեւ ՕԹԱՆ-ի հետ:

«Այստեղ «կամ-կամ»-ի խնդիր չկայ, կայ «եւ-եւ»-ի սկզբունք», ըսած է ան:

Ան աւելցուցած է, որ ՕԹԱՆ երբեք նպատակ չէ ունեցած ընդլայնիլ եւ տարածուիլ դէպի յետխորհրդային տարածք, սակայն դաշինքի դռները միշտ բաց եղած են ժողովրդավարական երկիրներուն դիմաց. «Ասիկա քաղաքական սկզբունք է, որուն մենք հաւատարիմ ենք», շեշտած է Ափաթուրայ` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ-ն կը յարգէ  ինքնիշխան ընտրութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն, որոնք մտադիր չեն անդամակցելու ՕԹԱՆ-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )