Փարիզ Անընդունելի Կը Նկատէ. Ամերիկեան Ազգային Ապահովութեան Գործակալութիւնը Ֆրանսայի Մէջ 70 Միլիոն Հեռաձայնային Զրոյց Լրտեսած Է
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ամերիկեան ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 70 միլիոն զրոյց լրտեսած է:
Օրաթերթը նշեց, որ Ամերիկայի ազգային ապահովութեան գործակալութեան մէջ նախկին պաշտօնեայ Էտուըրտ Սնոուտընի յունիսին բացայայտած փաստաթուղթերը ցոյց տուած են, որ Ֆրանսա այսպիսի վերաբերումի թիրախ դարձած է եւ վերջինս այժմ հաստատ փաստեր ունի այն մասին, որ իր շահերը կանոնաւոր կերպով թիրախի վերածուած են:
Ըստ փաստաթուղթերուն, Ամերիկեան ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը 10 դեկտեմբեր 2012-էն 8 յունուար երկարող ժամանակաշրջանին 70.3 միլիոն հեռաձայնային զրոյց լրտեսած է: Այդ փաստաթուղթերը ի յայտ բերած են այն ճարտարագիտութիւնը, որ օգտագործուած է ապօրինի կերպով գաղտնի տեղեկութիւններ ձեռք բերելու եւ ֆրանսացիներու անձնական կեանքը լրտեսելու համար:
Օրաթերթը կը նշէ, որ գործակալութիւնը տեղեկահաւաքի համար շարք մը միջոցներ ունի: Երբ Ֆրանսայի մէջ որոշ թիւ ունեցող հեռաձայններ օգտագործուին, ապա որոշ ազդանշան մը կու տան, եւ զրոյցի ձայնագրումը մեքենայաբար կը սկսի: Այդ գաղտնալսումներու թիրախ դարձած են նաեւ հեռաձայնային կարճ պատգամները, որոնց պարագային ազդանշանը «բանալի» բառերն են:
Ամերիկայի ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը կանոնաւոր կերպով կը պահէ գաղտնալսումի թիրախ դարձող իւրաքանչիւր թիւի հաղորդակցութեանց ցանկը:
Գաղտնալսումներու թիրախ դարձած են անձեր, որոնց շուրջ ահաբեկչական գործունէութեան մեղսակցութեան կասկածներ գոյութիւն ունին, իսկ ուրիշներ թիրախ դարձած են պարզապէս ֆրանսական գործարար կամ քաղաքական շրջանակներու կամ ֆրանսական վարչակազմի անդամ ըլլալնուն համար:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցով կանչեց Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ այդ հարցը քննարկելու համար «անմիջապէս» Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կանչած է:
Ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս իր կարգին յայտնեց, որ տեղեկատուութիւնը «ցնցիչ» է` աւելցնելով, որ «երբ դաշնակից երկիր մը Ֆրանսան լրտեսէ, այդ մէկը բացարձակապէս անընդունելի է»:

