Եգիպտոսի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Կատարուած Յարձակումը Դատապարտման Ալիք Կը Բարձրացնէ

Երէկ կանուխ առաւօտուն Եգիպտոսի Ուարրաք շրջանին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ յարձակում մը կատարուեցաւ: Մոթորսիքլեթի մը վրայ անծանօթ զինեալներ կրակ բացին եկեղեցւոյ վրայ` սպաննելով 4 անձեր եւ վիրաւորելով 17 ուրիշներ: Զոհերուն շարքին էր 8-ամեայ աղջնակ մը:

«Մասրի Եոմ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ բոլոր վիրաւորները արդէն շրջանցած են վտանգաւոր հանգրուանը, եւ անոնց կեանքերը վտանգուած չեն:

Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի դատապարտեց յարձակումը` նշելով, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ղպտիներու սպանութեան եւ վիրաւորման դէպքը պիտի չազդէ եգիպտական հասարակութեան միակամութեան վրայ եւ եգիպտացի ժողովուրդի անդամներուն միջեւ սադրանք պիտի չյառաջացնէ:

Ան Թէոդորոս Բ. պապին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ պատկան մարմիններէն պահանջած է «ցածոգի ոճրային» արարքին հեղինակներու բացայայտման աշխատանքը արագացնել:

Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալլամ իր կարգին բուռն կերպով դատապարտեց Կիզէ նահանգին մէջ կատարուած յարձակումը` ընդգծելով, որ յարձակումներուն դէմ յարձակումներ գործելը, քանդելը, ականահարելը, անոնց մէջ գտնուողները սպաննելը կամ պարզ քաղաքացիներ ահաբեկելը իսլամական օրէնքին կողմէ արգիլուած են:

Ան եգիպտացի ժողովուրդի իսլամ եւ քրիստոնեայ երկու թեւերուն միասնակամութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի անոնք կանխարգիլեն ծրագիրները անոնց, որոնք եգիպտացի միակամ ժողովուրդը կ՛ուզեն պառակտել` շեշտելով, որ «իւրաքանչիւր արեան կաթիլ հայրենիքին համար մեծ կորուստ մը կը նկատուի»:

Սալաֆական «Նուր» կուսակցութիւնը իր կարգին դատապարտեց յարձակումը` նշելով, որ այդ արարքը կը հակասէ իսլամական օրէնքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )