Փարիզի Փոխքաղաքապետը Կը Պահանջէ Խաչիկ Խաչատրեանը Ֆրանսա Վերադարձնել
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթը կը գրէ, որ մարդասիրութեան ու դաժանութեան միջեւ տարբերութիւնը Ֆրանսայի մէջ քաղաքական սուր քննարկումներ յառաջացուցած է, իսկ իբրեւ արդիւնք ձախերը մեկուսացած են:
Այժմ երբ ուսանողները Քոսովոյէն Լէոնարտա Տիպրիիանիի եւ Հայաստանէն Խաչիկ Խաչատրեանի հեռացման, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալսի դէմ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն, քաղաքական մեծամասնութեան անդամներն ու ձախ կուսակցութիւնները անհամաձայնութիւն յայտնեցին կառավարութեան ներգաղթի քաղաքականութեան նկատմամբ: Իսկ Ընկերվարական կուսակցութիւնն ու ընդհանուր առմամբ ձախերը բացայայտ կերպով աջակցեցան բողոքի ցոյցերուն:
Ընկերվարական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Տաւիտ Ասուլին պահանջեց, որ «յստակացուին պայմաններն ու պատասխանատուները»: Իսկ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Վենսան Փենիոն յայտարարեց, որ ձերբակալութեան տեղն ու ժամը խնդիր կը յառաջացնեն` յոյս յայտնելով, որ «այդպիսի իրավիճակներ չեն կրկնուիր»:
Շատեր կը պնդեն, որ դպրոցականներու արտաքսումը չի համապատասխաներ Ընկերվարական կուսակցութեան արժէքներուն: Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լորանս Ռոսինյալոն զայրացած ըսած էր. «Ասիկա ձախերու արժէքներու սիրտն է, դպրոցը աշակերտներու համար կարծես սրբավայրն է ու անոնց պաշտպանութիւնը կարեւոր է: Եթէ մենք այդ մակարդակին իջնենք, այլեւս ինչո՞ւ կը կոչուինք ձախ»: Իսկ ֆրանսական խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն նշած է. «Գոյութիւն ունի օրէնք: Սակայն կան նաեւ արժէքներ, որոնցմէ ձախերը չեն կրնար հրաժարիլ, հակառակ պարագային անոնք կը կորսնցնեն իրենց ոգին»:
Փարիզի առաջին փոխքաղաքապետ, Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ քաղաքապետի թեկնածու Աննա Հիտալկոն կը պահանջէ Ֆրանսա վերադարձնել «Լէոնարտա Տիպիրիանին ու Խաչիկ Խաչատրեանը»` բացատրելով. «Երբ օրէնքները մեկնաբանութիւններու կարիք ունին, ապա պէտք է պաշտպանել արժէքները, մե՛ր հանրապետութեան արժէքները»:
Յիշեցնենք, որ 17 եւ 18 հոկտեմբերին Փարիզի փողոցները ողողուած էին բողոքողներով` Քոսովոյէն ուսանող Լէոնարտա Տիպիրիանի եւ Հայաստանէն ուսանող 19-ամեայ Խաչիկ Խաչատրեանի արտաքսման դէմ: Անոնք Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալսի դէմ կոչեր կ՛ուղղէին` «Խաչիկին` Ֆրանսա, Վալսին` Հայաստան» կամ «Վալս, հեռացի՛ր»:
Մինչ շաբթուան սկիզբէն Լէոնարտա Տիպիրիանի հարցը լրատուամիջոցներուն մէջ լայնօրէն կը քննարկուէր, Խաչիկ Խաչատրեանի պարագան ուշադրութենէն դուրս էր: Ան արտաքսուած էր Հայաստան, ուր նոյեմբերին սկիզբէն պիտի սկսի պարտադիր զինուորական ծառայութեան: «Կրթութիւն առանց սահմաններու» կազմակերպութեան համաձայն, Խաչատրեանը հինգերորդ ուսանողն է, որ ձախերու կառավարութեան օրօք կը հեռացուի երկրորդական վարժարանէն:
Ուսումնական հաստատութիւններու միութիւններու ազգային միութեան գլխաւոր տնօրէն Տանթէ Պասսինոյի համաձայն, Հայաստան վերադառնալէ ետք, ոստիկանները Խաչիկ Խաչատրեանին քանի մը ժամ պահած են օդակայանին մէջ, որմէ ետք երեք օր մնացած է հայրենի գիւղի ոստիկանական բաժանմունքին մէջ, ապա զինք դատական վերահսկողութեան տակ ազատ արձակած են:
Անոր դէմ բացուած է քրէական գործ` զինուորական ծառայութենէն խուսափելուն համար:

