Այսօր` Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Երէկ երեկոյեան Լիբանան ժամանեց Հայաստանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Մկրտիչ Կարապետեան` Հայաստանի Հրատարակիչներու ազգային միութեան նախագահ եւ  «Էտիթ Փրինդ» հրատարակչատան տնօրէն, Սէյրանուհի Գեղամեան`  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան վարչութեան պետ, Ռուզան Տօնոյեան` Հայաստանի գրադարաններու  միութեան նախագահ եւ «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային գրադարանի տնօրէն, Սոկրատ Մկրտիչեան` «Զանգակ» հրատարակչատան տնօրէն, Շաքէ Հաուան-Կարապետեան` «Արթ Պրիտժ» գրատան տնօրէն եւ այլ աշխատակիցներ:

Պատուիրակութիւնը Լիբանան ժամանեց մասնակցելու այսօր` երեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունենալիք Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի կազմակերպած հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունենալիք` «Հայաստանի հրատարակչական մարզի մարտահրաւէրները այսօր» թեմայով կլոր սեղանին:

Պատուիրակութիւնը Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ կրթական հաստատութիւններ եւ Հայկազեան համալսարան, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կրթական պատասխանատուներու, վարժարաններու տնօրէններու եւ մտաւորականներու հետ:

Share this Article
CATEGORIES