Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2013-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի քահանայացու` Մուրատ սրկ. Չորպաճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ` կոչուելով ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ:
Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Ս. Աթոռի Դրան եպիսկոպոս` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:
Խարտաւիլակութիւնը կատարեցին Պետրոս աբղյ. Մանուէլեան եւ Վահրիճ աբղյ. Ղարախանեան:
Սաղմոսներու ընթերցանութեամբ, ընծայեալը ծնրադիր սուրբ խորան բարձրացաւ եւ նախ աշխարհէն հրաժարեցաւ, ապա հրաւիրուեցաւ Քրիստոսի քաղցր լուծը կրելու:
Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալին ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը, նոր անուն տալով անոր` իբրեւ Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ: Ապա, Թորգոմ քահանայ իր անդրանիկ խաղաղութիւնը տուաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Ձեռնադրիչ սրբազանը քարոզեց` բնաբան ունենալով Գործք Առաքելոցի «Ես զայն իբրեւ գործիք ընտրեր եմ, որպէսզի իմ անունս ճանչցնէ հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի զաւակներուն» համարը (Գրծ 9.15): Նարեկ սրբազան Պօղոս առաքեալի տիպարը ընդգծելով, յորդորեց Տէր Թորգոմը դառնալու Աստուծոյ անուան տարածման եւ փառաբանման ընտիր գործիք` հայ ժողովուրդի սպասաւորութեան անդաստանին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ այս ձեռնադրութիւնը կատարելու պատիւը իրեն շնորհեց. ան նաեւ շնորհաւորեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ` Օշական արք. Չօլոյեանը եւ Ազգային իշխանութիւնը այս շնորհաբաշխ առիթով ու բեղուն ծառայութիւն մաղթեց նորօծ քահանայ հօր` հեռաւոր Ամերիկայի ափերուն վրայ:
Ձեռնադրութենէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներ մօտեցան նորընծայ քահանայ հօր եւ աջահամբոյրով ստացան անոր առաջին օրհնութիւնը:
Ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւները եւ թաղականութիւնը ճաշկերոյթ մը տուին` ի պատիւ նորօծ քահանայ հօր. հաւաքին ընթացքին անոնք շնորհաւորեցին տէր Թորգոմը, երէցկինը եւ անոնց ընտանեկան հարազատները:
Նոյն օրը երեկոյեան նորընծայ քահանայ հայրը եկաւ Անթիլիասի մայրավանք եւ վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը ստանալէ ետք, մեկուսացաւ իր քառասունքը անցընելու համար:
Յայտնենք, թէ շաբաթ, 19 հոկտեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցած էր կոչման արարողութիւնը:
Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեան իր անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ կիրակի, 1 դեկտեմբերին:

