Պարգեւատրումներ` Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի 100-ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին
Շաբաթ, 19 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին նշուեցաւ լիբանանեան սկաուտութեան 100-ամեակը: Այս առիթով, նախագահ Միշէլ Սլէյման շքանշաններով պարգեւատրեց լիբանանեան սկաուտական ֆետերասիոնը եւ «Քաշշաֆ Մուսլեմ» միութիւնը:
Նոյն առիթով, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը 100-ամեակի շքանշաններով եւ յուշանուէրներով պարգեւատրեց մարմնակրթութեան նախկին նախարարներ, ֆետերասիոնի անդամակցած միութիւններ եւ ֆետերասիոնի գործադիր մարմինի անդամներ: Յուշանուէր ստացողներու կարգին էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, (պետութեան մօտ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան ատենապետուհի Արաքս Շիմշիրեան-Գուլաճեան) եւ ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան:
CATEGORIES Գաղութային

