Ծատուրեան Եղբայրներուն Նուիրուած Հեծելարշաւի Մրցում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան կազմակերպուեցաւ հեծելարշաւի յիշատակի մրցում մը` նուիրուած Լիբանանի երկար տարիներու հեծելարշաւի ախոյեաններ` ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեաններու յիշատակին` անոնց մահուան առաջին տարելիցին առիթով:

Լիբանանեան հեծելարշաւի պատմութեան մէջ աւելի քան 60 տարիներու վաստակ ունեցող ՀՄԸՄ-ական Ծատուրեան եղբայրներուն նուիրուած այս մրցումը ժամացոյցի դէմ տեղի ունեցաւ` Նահր Մոթէն դէպի Պաապտաթ, Մեթնի արագ մայրուղիին վրայ 11 քիլոմեթր երկարութեամբ, մասնակցութեամբ 6 ակումբներէ 15 հեծելանւորդներու: Մրցումի վերջին հանգրուանին Պրումմանայի քաղաքապետարանի ոստիկաններուն ընկերակցութեամբ հեծելանւորդները ուղղուեցան Պրումմանայի քաղաքապետարանի դաշտ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն: Ներկայ էին մրցումի հովանաւոր, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Էլիաս Հաննա, Պրումմանայի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Էլիաս Թաուիլ, Ծատուրեան ընտանիքի անդամներ, ակումբներու ներկայացուցիչներ եւ մարզասէրներ:

Այս առիթով հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան ողջունեց ներկաները. ապա Պրումմանայի քաղաքապետի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ դրուատելով Ծատուրեան եղբայրներու վաստակը` յարգանքով ոգեկոչեց անոնց յիշատակը: Իր կարգին նախարար Սապունճեանի ներկայացուցիչ Էլիաս Հաննա իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Լիբանանի մէջ երիտասարդութիւնը դէպի մարմնակրթութիւն առաջնորդելը: Ապա տեղի ունեցաւ բաժակներու տուչութիւն: Առաջին հանդիսացաւ երիտասարդ հեծելանւորդ Ապտալլա Ըր, որ երկու շաբաթ առաջ Իտալիոյ մէջ մասնակցած էր 23 տարեկանէն վար երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )