Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԲԱՆԱԿԻ ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Ահմետ պըն Ապտալլա Ալ Իպրահիմը, որ իրեն փոխանցեց Օմանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ պըն Ալաուիէն նամակ մը: Նամակին բովանդակութեան մասին ոչինչ յայտնուեցաւ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Սուրի ծովեզերեայ շրջանին վրայ ջերմութիւն արձակող փուչիկներ նետեց:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հաշտուած են բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզի բնակարանին մէջ:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուիի տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ իր կեանքին սպառնացող որեւէ վտանգին պատասխանատու են ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Աշրաֆ Ռիֆին եւ քաղաքական այն հոսանքը, որուն կը պատկանի ինք:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քանի մը օր առաջ գաղտնօրէն այցելած է Պաապտա, ուր ան հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ բնաւ արտօնելի չէ երկրին աշխատանքները շարունակել հրաժարեալ կառավարութեան կազմով մը: Ան կոչ ուղղեց` նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի մասնակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ հրաւիրուած այսօրուան լիագումար նիստին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Ռուսիա լրջօրէն կը հետեւի Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` անոնց ազատ արձակման ի խնդիր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհրաժեշտ կը նկատէ, որ չորեքշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին ընթացքին մեծ թիւով երեսփոխաններ ներկայ ըլլան եւ իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերեն օրէնսդրութեան հոլովոյթին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ի վեր Լիբանանի քաղաքական որոշումը օտար պետութեանց ձեռքը կը գտնուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութիւնը կը նկատուի հիմնական դարպասը` Լիբանանի չէզոք կեցուածքը ճշդելու առումով:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ Քաթար վերատեսութեան կ՛ենթարկէ շրջանին մէջ տիրող կացութեան մասին իր տուած որոշումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` վերջ տալու շրջանային ուժերուն հանդէպ իրենց յանձնառութեան:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Խէյրէտտին հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը` իբրեւ երկիրը պաշտպանող սահմանադրութիւն, փաստած է իր ձախողութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը սառեցնելու իմաստով Հըզպալլայի կողմէ յստակ որոշում մը կայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ կոչ ուղղեց` կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն երկիրը բաղկացնող համայնքները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութեան դերակատարութիւնը գրաւել` շրջանային պետութիւններուն եւ միլիսներուն հաշուոյն:

