Շարպել. «Քաղաքապետները Պատասխանատու Են Ապօրինի Շինութեանց»

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քաայի բնակիչները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց ապօրինի շինութեանց վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Շարպել շեշտեց, որ ոեւէ քաղաքապետ պատասխանատու է ապօրինի շինութեանց եւ անոր պարտականութիւնն է ապահովութեան ուժերը տեղեակ պահել այդ մասին, որպէսզի վերջինները միջամտեն եւ վերջ տան ապօրինի շինութեանց, որովհետեւ ապահովութեան ուժերը առանձինն չեն կրնար այդ աշխատանքը կատարել:

«Երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելը աւելի կարեւոր է ու առաջնահերթ, եւ ներքին ապահովութեան ուժերը չեն կրնար օրն ի բուն աշխատիլ` վերջ տալու համար ապօրինի շինութիւններուն` անտեսելով ապահովական կացութիւնը պահպանելու իրենց առաքելութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի կացութեան` Մարուան Շարպել շեշտեց, որ հոն գործադրուող ապահովական ծրագիրին առաջին հանգրուանը գրեթէ ամբողջացած է, աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին երկրորդ հանգրուանը ապահովական ըլլալէ առաջ քաղաքական է:

Ականուած ինքնաշարժներու գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել շեշտեց, որ կան տեղեկութիւններ, որոնք ճիշդ են, իսկ ուրիշներ` սխալ են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )