Հէյլ. «Նախագահ Ասատի Վարչակարգը Պէտք Է Մեկնի»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ հանդիպելէ ետք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու աշխատանքները համադրող գործակատար Ֆարես Սուէյտի հետ, շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք է մեկնի:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ, Ժընեւի հաղորդագրութեան համաձայն, քաղաքական լուծում մը գտնուի Սուրիոյ տագնապին:

Միւս կողմէ, Հէյլ հաստատեց, որ Միջազգային ընտանիքը կը ջանայ օժանդակել Լիբանանին, որպէսզի ան կառչած մնայ Պաապտայի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ թիւ 1559 բանաձեւերը:

Հէյլ ընդգծեց, որ Ապահովութեան եւ Եւրոպական խորհուրդները յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր բարգաւաճումին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )