«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 8-ական մրցումներ:

Երբ աւարտին այդ մրցումները, խումբերը, արդէն իսկ կտրած կ՛ըլլան իրենց կէս ճամբան, որմէ ետք կը սկսին դարձի մրցումները:

Այսօրուան մրցումներուն կարեւորագոյն ճակատումներէն մէկը կը խոստանայ ըլլալ Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա հանդիպումը:

Բնականաբար, հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Արսենալ – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը:

Նշենք, որ այսօրուան մրցումներուն նախօրեակին չորս խումբեր` Շալքէ, Արսենալ, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Պարսելոնա արձանագրած են երկուքական յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտերը:

Շթէուա Պուքրեշ, Մարսէյ եւ Սելթիք կրած են երկուքական պարտութիւն:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Շալքէ – Չելսի 21:45
Շթէուա Պուքրեշ – Պալ 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Պորուսիա Տորթմունտ 21:45
Մարսէյ – Նափոլի 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Աւստրիա Վիեննա – Աթլեթիքօ Մատրիտ 21:45
Փորթօ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա 21:45
Սելթիք – Այաքս Ամսթերտամ 21:45
 

ՎԱՂԸ

Ա. ԽՄԲԱԿ
Պայէր Լեւերքուզըն – Շախտիոր Տոնեցք 21:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ռէալ Սոսիետատ 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Կալաթասարայ – Քոփենհակըն 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Եուվենթուս 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Անտըրլեխթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 21:45
Պենֆիքա – Օլիմփիաքոս                            21:45 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մոսկուայի Բանակայիններ – Մանչեսթըր Սիթի 19:00
Պայէրն Միւնիխ – Վիքթորիա Փլզեն 21:45
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )