2014-ի Մոնտիալի Փլէյ-Օֆ-Ի Մրցումներ. Ուքրանիա Եւ Ֆրանսա` Դէմ Յանդիման
Երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի սահմանագօտիին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Այդ չորս մրցումներէն ամէնէն բուռն ճակատումը կը կարծուի ըլլալ Ուքրանիա – Ֆրանսա մրցումը: Փորթուգալ իր դէմ պիտի ունենայ Շուէտը, Յունաստան` Ռումանիան, իսկ Իսլանտա` Խրուաթիան:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 15 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 19 նոյեմբերին:
Այդ մրցումներէն ետք, չորս խումբեր պիտի ապահովեն Պրազիլի իրենց տոմսը:
CATEGORIES Մարզական