Մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին Աւարտը. Պրազիլի Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը Պիտի Մնայ Իր Պաշտօնին Վրայ
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Պրազիլի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալտօ Ռեպելօ յետս կոչած է իր տուած որոշումը եւ յայտարարած, որ պիտի չհրաժարի իր պաշտօնէն եւ անոր վրայ պիտի մնայ մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը:
Ան նախապէս յայտարարած էր, որ Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն վեց ամիս առաջ` դեկտեմբերին, պիտի լքէ նախարարութիւնը:
Սակայն, երկրին նախագահին միջամտութենէն ետք ան որոշեց չհրաժարիլ` մինչեւ Մոնտիալին աւարտը:
Նշենք, որ Պրազիլ 2014-ի Մոնտիալին հիւրընկալ երկիրն է, ինչպէս նաեւ 2016-ի Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալողը:
CATEGORIES Մարզական

