Վարդան Մինասեան Պիտի Չշարունակէ Իր Աշխատանքը Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ` Վարդան Մինասեան, երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին յայտնեց, որ պիտի չշարունակէ իր աշխատանքը հաւաքականին հետ:

«Յատուկ հանդիպում մը ունեցայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին հետ: Քննարկեցինք Հայաստանի ազգային հաւաքականին կապուած շարք մը խնդիրներ: Հայրապետեան ինծի առաջարկեց զտումի նոր մրցումներուն դարձեա՛լ գլխաւորել հաւաքականը, բայց ես հրաժարեցայ այդ առաջարկէն, բնականաբար իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնելով նախագահին` ցուցաբերուած վստահութեան համար: Ինծի համար բնականաբար մեծ պատիւ պիտի ըլլար կրկին ստանձնել ազգային հաւաքականին ղեկը, բայց ես այս պահուն կը գերադասեմ իմ արհեստավարժ ասպարէզիս շարունակութիւնը: Կան շարք մը առաջարկներ, մասնաւորաբար` արտասահմանէն, եւ ես կ՛ուզեմ քննարկել այդ առաջարկները», ըսաւ Մինասեան:

Նշենք, որ Մինասեանի պայմանագիրը ազգային հաւաքականին հետ, կ՛աւարտի 31 հոկտեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES