«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Թրիփոլիի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թրիփոլի

Թրիփոլի, Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը Պէյրութէն ետք, պատմական հին բնակավայր է եւ անոր մասին յիշատակութիւնները կու գան փիւնիկեցիներուն օրով, Ն. Ք. Թ. դարուն: Օմայեատներու խալիֆայութեան ժամանակ Թրիփոլի առեւտրական կարեւոր կեդրոն եղաւ, իսկ ֆաթիմականներուն օրով կիսանկախ իշխանութիւն դարձաւ: Խաչակիրներ 1102-ին, Թուլուզի կոմս Ռեմոն տը Սէն Ժիլի գլխաւորութեամբ պաշարեցին Թրիփոլին եւ 1109-ին գրաւեցին զայն: Թրիփոլիի կոմսութիւնը Արեւելքի մէջ լատինական չորս պետութիւններէն մէկն էր եւ կ՛ընդգրկէր Ժըպէյլէն Լաթաքիա երկարող գօտին. կոմսութեան կեդրոնը Ռեմոն տը Սէն Ժիլի կառուցած Մոնթ Փելերին (ուխտագնացութեան լեռ) բերդն էր, որ աւելի ծանօթ է Սենճիլ անունով եւ Թրիփոլիի պատմական կառոյցներէն է: Իսկ Հոմսի մօտակայ Քրաք տը Շըվալիէն զինուորական գլխաւոր յենակէտ էր, ուր կեդրոնացած էին հիւրընկալ ասպետները:

Մեմլուքներ 1289-ին գրաւեցին Թրիփոլին, իսկ 1516-ին քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ մտաւ: 1918-ին ազատագրուեցաւ օսմանեան լուծէն եւ այնուհետեւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ Մեծն Լիբանանի կազմին մէջ մտաւ:

* * *

Թրիփոլիի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատեցին Մեծ Եղեռնէն ետք: Պէյրութէն եւ Զահլէէն ետք, Թրիփոլիի հայ համայնքը Լիբանանի մէջ երրորդը կը նկատուէր:

Թրիփոլիի հայերը փայտաշէն եկեղեցի եւ դպրոց մը բացին եւ Հայ Արփի եւ Հայ Երիտասարդաց միութիւնները հիմնեցին: 1927 փետրուարին կազմուեցաւ Կարմիր խաչի մասնաճիւղը: Ուսումնասիրաց միութիւնը կազմուեցաւ 1927 յուլիսին, նպատակ ունենալով հայ երիտասարդութիւնը համախմբել, թրքախօսութիւնը արմատախիլ ընել եւ ուժ տալ հայ լեզուին եւ ընթերցանութեան:

* * *

Թրիփոլիի հայութեան մասին «Ազդակ» 28 սեպտեմբեր 1937-ի թիւով կը գրէր.

Սենճիլ բերդը

Նկատի ունենալով, որ Թրիփոլի առեւտրական կեդրոն մը կը դառնար եւ Իրաք Բէթրօլիւմ քարիւղի ընկերութիւնը բազմաթիւ հայ պաշտօնեաներ կը պահէր, որոնց ընտանիքներուն թիւը բարձրացուցած էր քաղաքին հայ գաղութին քանակը եւ տեղւոյն հայերը թշուառ վիճակ մը ունէին իրենց տախտակաշէն եկեղեցիով ու խրճիթներով` Թրիփոլիի ծանօթ ազգայիններէն, Սուրիական Դրամատան տնօրէն` Տաճատ Սրապեան անձնական նամակ մը կը ղրկէ հայ մեծահարուստ Գալուստ Կիւլպէնկեանին ներփակելով երկու քարտէսներ ու կարգ մը նկարներ: Ասոնցմով կը պատկերացուէին քարիւղի ընկերութեան շինութիւններն ու ձեռնարկները եւ հայութեան թշուառութիւնն ու խարխուլ տնակները: Այս խորհրդաւոր պատկերացումներէն չափազանց ազդուած հայ մեծահարուստը իսկոյն կը պատասխանէ պահանջելով Թրիփոլիի մէջ կառուցուելիք հայ եկեղեցիի մը եւ դպրոցին յատակագիծերը եւ ծախսերուն նախահաշիւը: Ասոնք եւս կը ղրկուին եւ Կիւլպէնկեան կը նուիրէ 4000 անգլ. ոսկի վերոյիշեալ նպատակին:

* * *

Թրիփոլիի հայութեան թիւը 1930-ական տարիներու վերջաւորութեան հասաւ մօտաւորապէս 1400 հոգիի: 1939-ի տուեալներով Ազգային Խրիմեան վարժարանը ունէր 160 աշակերտ, որուն 88 հոգին մանկապարտէզի, իսկ 72 հոգին նախակրթարանի աշակերտներ էին:

Ազգային Խրիմեան վարժարանին մասին «Ազդակ» 21 ապրիլ 1948-ի թիւով կը գրէր.

«1947-48-ի դպրոցական տարեշրջանը սկսաւ 14000 ոսկիի պիւտճէով, անոր վրայ պէտք է աւելցնել նախորդ տարուայ եղած բացը 1200 լ. ոսկի որ աւելի ծանրացուց բեռը: Նիւթական միջոցներու հայթայթումը հանդիպեցաւ լուրջ դժուարութիւններու, նկատելով, որ 400 տնուոր գաղութը գլխաւորաբար կը բաղկանար բանուորներէ, արհեստաւորներէ, փոքր առեւտրականներէ եւ պաշտօնեաներէ:

Նշանակելի երեւոյթ է նաեւ Թրիփոլիի հայոց փայտաշէն եկեղեցիին պարագան: Այս ձմեռ ալ անկարելի եղաւ եկեղեցական արարողութիւն կատարել, նկատելով որ բոլորովին խարխուլ դարձած է եւ անձրեւի ջուրերը նոյնութեամբ վար կ՛իջնեն: Յոյն օրթոտոքս համայնքը որ վեհանձնօրէն իր մէկ եկեղեցին հայերու տրամադրեց` ամբողջ ձմեռ գործածուեցաւ որու համար կ՛արժէ հրապարակաւ երախտագիտութիւն յայտնել»:

* * *

Մինայի շրջանի հայութիւնը 1949 հոկտեմբերին իր սեփական ակումբը  ունեցաւ: Այս մասին «Ազդակ» 3 դեկտեմբեր 1949-ի թիւով կը գրէ.

«Շաբաթ, 29 հոկտեմբեր 1949 երեկոյեան ժամը 9:00-ին Էլ-Մինայի ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ ակումբի բացման հանդէս-երեկոյթը աննախընթաց շուքով: Ակումբի ընդարձակ սրահը եւ յարակից սենեակները խուռներամ բազմութեամբ մը լեցուած էին: Օրուան նախագահն էր Գեղամ Գաբրիէլեան»:

Իսկ քաղաքի ակումբին մասին «Ազդակ» կը գրէր.

«Կիրակի, 20 նոյեմբեր 1949 երեկոյեան ժամը 9:00-ին քաղաքի ակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ քաղաքի ակումբի բացման երեւոյթը: Օրուան նախագահն էր Լեւոն Թոքաճեան:

* * *

Թրիփոլիի հայկական վարժարաններուն մասին «Ազդակ» 22 փետրուար 1950-ի թիւով կը գրէր.

Թրիփոլիի Մեծ մզկիթը

«Խրիմեան վարժարանը հիմնուած է 1924-ին Մինայի մէջ Երուանդ Օտեանի, Տէր Խորէն քհնյ. Գույումճեանի, Մասթիկեանի եւ այլ կրթասէր ազգայիններու կողմէ, իսկ երկրորդը` Նուպարեան, քաղաքին մէջ 1933-ին: 1933-43 երկու վարժարաններն ալ մատակարարուած են անջատ թաղական  մարմիններու կողմէ եւ անոնց Հոգաբարձական Մարմիններու հսկողութեամբ, սակայն 1943-էն ասդին երկու վարժարաններն ալ դրուած են միեւնոյն մարմնի, Թրիփոլիի հայոց թաղականութեան հովանաւորութեան տակ: Երկու վարժարաններն ալ կը ղեկավարուէին միեւնոյն տնօրէնութեամբ եւ իննական ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէ բաղկացեալ առանձին կազմերով: Երկու դպրոցները միասնաբար ունէին 282 աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ տարրական նախակրթարաններու կը համապատասխանէին լրիւ կերպով: Երկուքին պիւտճէն շուրջ 17000 լ.ոսկի էր: Գաղութը եկեղեցի չունէր եւ ամէն կիրակի կ՛օգտուէր օրթոտոքս եկեղեցւոյ բարեկամեցողութենէն»:

* * *

Թրիփոլիի հայ համայնքը 1950-ին օժտուեցաւ հայ մշակութային միութեամբ: Այս մասին «Ազդակ» 15 մարտ 1950-ի թիւով կը գրէր.

«1949-ին տիկ. Ա. Ոսկերիչեան, Օշականի դուստրը եւ Ա. Սինանեան քանի մը մտաւորական երիտասարդ ուժերու հետ գովելի գաղափարը ունեցան Թրիփոլիի մէջ հիմնելու «Հայ մշակութային միութիւն»-ը, նպատակ ունենալով ի մի խմբել հայ երիտասարդութիւնը, ունենալ ակումբ մը, ստեղծել հայեցի առողջ մթնոլորտ, կազմակերպել ձեռնարկներ որոնք աղերս ունենան հայ մշակոյթի հետ, ծանօթանալ անոր եւ ծանօթացնել զայն մանաւանդ օտար շրջանակներու: Այս միութիւնը ժամանակ մը եռուն գործունէութիւն ունեցաւ Թրիփոլիի հայ գաղութէն ներս:

* * *

Թրիփոլիի հայութիւնը 1959-1960-ին ձեռնարկեց նոր վարժարանի կառուցման: «Ազդակ», 14 մարտ 1960-ի թիւով եւ «Թրիփոլիի նոր վարժարանը» խորագիրով թղթակցութեամբ կը գրէր.

Թրիփոլիի հայութեան տարիներու բաղձանքն ու երազը շօշափելի իրականութիւն դարձած է արդէն: Քաղաքիս լաւագոյն կեդրոններէն` քսանհինգ մեթր լայնքով պողոտայի մը եզերքին գեղատեսիլ վայրի մը մէջ կը բարձրանայ  Ազգային վարժարանի նոր շէնքը: Ամէն հայու սիրտ անհուն հրճուանքով կը լեցուի, ի տես այս գեղեցիկ շէնքի կմախքին: Շինութեան ընթացքի իւրաքանչիւր զարգացում, ուրախութեան առիթ կու տայ բոլորին:

Քաղաքիս հայութիւնը ուխտատեղիի մը վերածած է շինութեան վայրը. մեծով-պզտիկով, ամէն օր, առիթը կը գտնեն անգամ մը այցելելու եւ անձամբ ստուգելու կատարուած յառաջդիմութիւնը:

Շինութեան յանձնախումբ եւ թաղականութիւն տենդագին աշխատանքի են լծուած, ստիպողաբար անհրաժեշտ մասերը լրացնելու գործին, որպէսզի կարելի ըլլայ աշակերտութիւնը փոխադրել ապրիլի մէջ, քանի որ քաղաքի դպրոցին տրուած վերջին պայմանաժամը ապրիլի սկիզբը կը վերջանայ:

Տեղւոյս թաղական Խորհուրդը , որ մեծ դեր ունեցաւ այս շէնքի շինութեան ձեռնարկումին մէջ, իր գործունէութեան առաջին օրէն իսկ անյետաձգելի եւ հրատապ պահանջ մը նկատեց գաղութիս ազգապատկան դպրոցական շէնք մը ունենալը, եւ այդ ուղղութեամբ ընթացան իր բոլոր ճիգերը: Կրցաւ լաւագոյնս օգտագործել ներկայացած պատեհութիւնները, ի նպաստ շինութեան: Ասկէ առաջ եկող ու գացող թաղականութեանց մղձաւանջն է եղած պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը: Քաղաքը երկու իրարմէ հեռու թաղամասերու բաժնուած ըլլալուն` պատասխանատու իշխանութիւնները երկու վարժարաններ պահելու հարկադրանքին տակ գտնուած են: Այս երկու վարժարաններու աշակերտութեան թիւը 250-ի եւ 300-ի միջեւ է եղած, ինչ որ կոկիկ նախակրթարանի մը աշակերտութեան թիւն է:

Այս կացութեան առջեւ, թաղականութիւնը` փոխանակ կիսամիջոցներով պիւտճէի բացը գոցելու մասին մտածելու` քիչ մը յանդուգն, բայց արմատական միջոցներու մասին խորհեցաւ, եւ իր գործունէութեան առանցք դարձուց շինութեան ծրագրի յաջողութիւնը: Ի պատիւ թաղականութեան, անոր ճիգերը ապարդիւն չանցան ու յաջողութեամբ պսակուեցան: Շատերու կողմէ անգործադրելի նկատուած վարժարաններու միացումը իրագործուեցաւ: Եւ որովհետեւ միացում կ՛ենթադրէր յարմար շէնքի մը շինութիւնը, չվարանեցաւ համապատասխան յանդգնութեամբ գործի լծուիլ:

Անկասկած, այս ձեռնարկին թիկունք կեցան առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. կեդրոնական իշխանութիւնը: Առանց անոնց դրական աջակցութեան` ծրագիրը պիտի մնար միայն կամեցողութիւն եւ փափաք:

Ազգապատկան հողին ընդհանուր տարածութիւնն է 1600 քառ. մեթր: Հողին կեդրոնը շինուած է դպրոցի շէնքը` գեղեցիկ յատակագծով մը: Երկու շարքի վրայ, միջանցքով մը բաժնուած տասը դասարաններ` 5×4.5 եւ 5×5 մեթր, շատ օդասուն եւ լուսաւոր: Իսկ դպրոցին տակ` ստորերկրեայ սրահ մը, 22 մեթր երկայնքով եւ 12 մ. լայնքով: Նախակրթարանը ունի իր յատուկ բակը` 900 քառ. մեթր, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզը ունի իր առանձին բակը` 400 քառ. մեթր:

Շէնքը տակաւին շատ հեռու է աւարտած նկատուելէ: Ինչ որ կայ կմախքն է միայն: Կը լսենք, թէ թաղականութիւնը նիւթական մեծ դժուարութեանց առջեւ կը գտնուի: Բայց վստահ ենք, որ սկսուած գործը պիտի հասնի իր պատուաբեր լրումին:

* * *

Շուկայ

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի կառուցումէն ետք «Ազդակ»-ի թղթակիցները տեսակցութիւն մը ունեցան տնօրէն Սեդրակ Աֆարեանի հետ: 20 յունիս 1961-ի թիւով «Ազդակ» կը գրէր.

«Չորեքշաբթի, 14 յունիս 1961, կէսօրէ վերջ ժամը 3:00-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տեսչարանին մէջ, տեսակցութիւն մը ունեցանք վարժարանի յարգելի տնօրէն` Սեդրակ Աֆարեանի հետ, տեղեկութիւններ քաղելու համար դպրոցի ընդհանուր գործունէութեան շուրջ:

Ըրինք անհրաժեշտ հարցումներ, որոնց սիրով պատասխանեց յարգելի տնօրէնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դպրոցի նոր շէնքը պէտք եղած յարմարութիւնները ունի՞, գոհացնելու համար աշակերտութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Անկասկած, որ շէնքը կառուցուած է յատկապէս դպրոցի համար: Ունի ինը դասարաններ եւ տեսչարան: Սակայն, դասարաններէն իւրաքանչիւրը, առաւելագոյնը կրնայ միայն 24 աշակերտներ պարփակել, ինչ որ, երբեմն, նեղութեան կը մատնեն մեզ:

Բակը կը մնայ տակաւին, իր նախնական վիճակին մէջ եւ առանց ցանկապատի, ձմեռը ցեխը կը նեղէ մեզ, իսկ ամառը` փոշին:

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, այդ նպատակին յատկացուած գումարով, կը յուսանք մօտ ատենէն այդ թերութիւնն ալ լրացուած տեսնել:

Այս բոլորով հանդերձ, շատ աւելի հանգիստ ենք քան նախկին, հին շէնքերուն մէջ եղած ատեննիս, որոնք զուրկ էին դպրոցական յարմարութիւններէ:

Հ.- Որքա՞ն է աշակերտութեան թիւը այս տարի եւ ի՞նչ նախատեսութիւններ ունիք յաջորդ տարուան համար:

Պ.- Այս տարի, մեր արձանագրուած աշակերտութեան թիւն է 210: Դժբախտաբար, գալ տարուան համար նուազում մը կը նախատեսենք, քաղաքէս շատ մը հայ ընտանիքներու մեկնումին պատճառով:

Հ.- Քանի՞ է թիւը ձեր պաշտօնէութեան: Գոհացուցիչ կը գտնէ՞ք անոնց տարած աշխատանքը:

Պ.- Ունինք երեք մնայուն այր ուսուցիչներ եւ հինգ ուսուցչուհիներ պետութեան կողմէ տրամադրուածներով միասին, նախակրթարանի բաժնին համար, իսկ երեք ուսուցչուհի ալ մանկապարտէզի համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES