Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գաբրիէլ Փանոսեան Եւ Նայիրի Մկրտիչեան
Կը Պարգեւատրուին
Հոկտեմբեր 4-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի քաղաքացիական ծառայութեան թափուր պաշտօններու համար յայտարարուած մրցոյթին շահող եւ սահմանուած փորձաշրջանը անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանուէլ Բադալեանը, Ազգային Ժողովի երեսփոխան Արտակ Զաքարեանը, պետական-հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, սփիւռքահայեր:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորելով աշխատակիցները` մասնաւորապէս նշեց. «Մեր պարտքն է ծառայել հայրենիքին, պետութեան, ժողովուրդին եւ երբեք չխախտել օրէնքները: Ի տարբերութիւն միւս նախարարութիւններուն, մեր նախարարութեան վրայ ազգապահպանման կարեւորագոյն խնդիր դրուած է: Անցած 5 տարիներուն ընթացքին կատարեցինք ամէն ինչ, որպէսզի սփիւռքի նախարարութիւնը կայանայ: Կը պահանջեմ ըլլալ ազնիւ, պատասխանատու եւ նուիրեալ` ձեր աշխատանքին: Եթէ չըլլար Հայաստանի նախագահին կամքը եւ ուշադրութիւնը, կառավարութեան աջակցութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը, սփիւռքի աջակցութիւնը, նախարարութիւնը չէր կայանար: Շնորհակալութիւն սփիւռքին»:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 5-ամեակին առիթով ներկաները ողջունեց եւ Հայաստանի վարչապետին անունով շնորհաւորեց, նաեւ պարգեւներ յանձնեց Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան յոբելենական 5-ամեակին առիթով պարգեւատրուեցան նախարարութեան նախկին եւ ներկայ աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ` գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ անհատներ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են նախարարութեան կայացման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց նաեւ ձեռնարկին մասնակից կրթական օճախներու ներկայացուցիչները, որոնք եւս արժանացան խրախուսական պարգեւներու:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ պարգեւատրուողներու շարքին էին նաեւ «Եռագոյն» կայքի խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան, որոնք արժանացան «Մայրենի լեզուի դեսպան» մետալին:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բացէք Եռագոյն»-ը եւ տեսէք հայրենասիրութիւնը»:
Հայկ Դեմոյեանի Գիրքի Շնորհահանդէս
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Շէնքին Մէջ
Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու, գիտական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու:
Այս առիթով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Շնորհաւորելով հեղինակը` գիրքին հրատարակութեան առիթով, նախարարը ըսաւ. «Հետաքրքրութեամբ կարդացի կարեւոր գիտական արժէք ունեցող այս մենագրութիւնը եւ վստահ եմ, որ անիկա արժանի է ուշադրութեան ոչ միայն պատմաբաններու, փորձագէտներու, դիւանագէտներու եւ բոլոր այն հետազօտողներուն, որոնք կը հետաքրքրուին մեր տարածաշրջանով, այլեւ` առաւել լայն շրջանակի ընթերցողներու համար»:
Իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով արտաքին գործոց նախարարութեան` գիրքի շնորհահանդէսին կազմակերպման համար, Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ այս գիրքը տասնհինգ տարուան իր գիտահետազօտական աշխատանքին ամփոփումն է, հոն ներկայացուած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ` անոր ծագումէն մինչեւ մեր օրերը: Ան դիտել տուաւ, որ այս աշխատութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շրջանառութեան մէջ կը դրուին մինչ օրս անյայտ մնացած պատմական, արխիւային վաւերագրեր եւ փաստաթուղթեր, որոնք լոյս կը սփռեն այս հարցին վրայ:
Գիրքին գիտական արժէքներուն մասին խօսեցան պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ Նիքոլայ Յովհաննիսեանը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան սահմանակից երկիրներու վարչութեան նախագահ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր Արսէն Աւագեանը:
Նախարար Յակոբեան. «Հայրենիքը Նոր Գտած
Սուրիահայերը Իրաւունք Չունին Վերստին
Գաղթական Դառնալու»
«Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն»-ին առաջին տարեդարձին առիթով, 7 հոկտեմբերին կեդրոնի գրասենեակ այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Ան հաստատեց, որ սուրիահայերը Հայաստան բերին նոր մշակոյթ, աշխատանքի նուիրում եւ պատասխանատուութիւն: Ան գոհունակութիւն յայտնած է կառոյցին տարած աշխատանքին համար` դիտել տալով, որ կարելի եղած է իրականացնել մօտաւորապէս 30 ծրագրեր եւ փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ` կեանքի կոչել երկու տասնեակէ աւելի օրէնքներ:
«Սուրիահայերը համեստ, աշխատասէր, կրթուած, խելացի մարդիկ են: Ես կը խոնարհիմ անոնց առջեւ, իրենց համար պէտք է կանաչ ճանապարհ բանալ հայրենիքի մէջ եւ անոնց դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները պէտք է լուծուին: Հայրենիքը նոր գտած մեր հայրենակիցները իրաւունք չունին նորէն գաղթական դառնալու: Բոլորիս` Հայաստան պետութեան, Հայաստանի հասարակութեան, միջազգային կառոյցներու հարցը, կը կատարէ ամէն ինչ, որպէսզի անոնք հաստատուին այստեղ», նշեց նախարարը:
Հրանուշ Յակոբեանի համաձայն, Հայաստան եկած 10 հազար սուրիահայերը թէեւ իրենց կարգավիճակով գաղթականներ են, բայց հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, որ անոնք իրենց հայրենիքին մէջ գաղթական չեն կոչուիր: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն եւ կառոյցներուն, որոնք արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր կանգնած են սուրիահայերուն կողքին եւ կ՛աջակցին անոնց: Ան կարեւոր նկատեց «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն»-ին գործունէութիւնը` սուրիահայերուն հարցերը պետական մարմիններու մէջ արծարծելու եւ հարցերուն լուծում գտնելու իմաստով:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ, ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հայաստանեան գրասենեակին, Պարէնի համաշխարհային գրասենեակին, որ 6 ամսուան ընթացքին 15 քիլոկրամ պարէն մատակարարած է մօտաւորապէս 5000 ընտանիքի, եւ այլ կառոյցներու` սուրիահայերուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: Ան նշեց, որ Նոր Հալէպ թաղամասին կառուցումը ընթացքի մէջ է, անոր կ՛աջակցին Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը, որուն ղեկավարները անվճար կը կատարեն նախագծումը թաղամասի տարբեր հատուածներուն: Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին` ուսանողներուն տրամադրած կրթաթոշակներուն համար:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիսթոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիերվիրթը, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ սուրիահայերը ընդունելու, տեղաւորելու եւ անոնց հոգը թեթեւցնելու ուղղութեամբ:
Հրանուշ Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ շնորհակալագիր յանձնեց «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն»-ին` այն բարդ աշխատանքին համար, զոր անոնք կը կատարեն:
Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան
Նշեց Իր Ստեղծման 70-ամեակը
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր բոլոր հիմնարկներով եւ ստորաբաժանումներու կատարած աշխատանքներով 15 հոկտեմբերին ցուցահանդէսով տօնեց իր հիմնադրման 70-ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ եղած են վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանը, տարբեր երկիրներէ ժամանած պատուիրակներ, հայ եւ արտասահմանեան ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ, ակադեմիկոս Արամ Սիմոնեանը, շնորհաւորելով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնադրութեան յոբելենական 70-ամեակը, կարեւոր նկատեց անոր դերն ու արժէքը եւ շեշտեց, որ միակ փափաքը այն է, որ ակադեմիան միշտ բարձր դիրք գրաւէ, ինչպէս միշտ եղած է: «Իսկ անոր համար անհրաժեշտ է, որ ակադեմիայի բոլոր անդամները ըլլան առողջ, երջանիկ, ստանան բարձր վարձատրութիւն, որպէսզի գիտութենէն բացի ոչինչ մտածեն», յայտնեց Արամ Սիմոնեանը:
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան նշեց, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար մեծ պատիւ է ունենալ նման կառոյց եւ նշել անոր հիմնադրութեան 70-ամեակը: «Այս հպարտութեան շարունակութիւնն է նաեւ մեր համալսարանը, որովհետեւ անիկա ընդամէնը մէկուկէս տարի ետք պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան մեզի` սփիւռքի մէջ միակ հայկական համալսարանին համար եղած է մտքի եւ մշակոյթի վեհ արժեհամակարգ», յայտնեց Փ. Հայտոսթեան` աւելցնելով, որ ակադեմիան այն կառոյցն է, որ կրնայ հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ գիտութիւնը տարածել աշխարհով մէկ եւ ստիպել ճանչնալու մեր երկիրը:
«Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայով անպայման անհրաժեշտ է հպարտանալ, որովհետեւ անիկա տուած է այնպիսի նշանաւոր մարդիկ, որոնք կը կապուին ակադեմիայի պատմութեան հետ», հաստատեց Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժ թանգարանի տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքին:
Անոր համաձայն, համալսարանի բարի անուան մէջ մեծ ներդրում ունին նաեւ երիտասարդ գիտնականները, որոնք աշխոյժ եւ հիանալի աշխատանք կը տանին այսօր: Ան վստահեցուց, որ այս կառոյցը Հայաստանի հպարտութիւնն է: Անոր համաձայն, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի մակարդակը աւելի բարձր է, քան` Ռուսիոյ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի տարեդարձին առիթով հրատարակուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան 70 տարում» գիրքը` հայերէնով եւ ռուսերէնով:
Յայտնենք, որ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան հիմնադրուած է 1943-ին: Անիկա մասնաճիւղեր ունի Գիւմրիի, Սեւանի, Գորիսի, Վանաձորի եւ Կապանի մէջ:
Էջմիածինը Նշեց Իր 2698-ամեակը
Էջմիածինը վերջերս տօնեց իր 2698-ամեակը: Առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան երեսփոխաններ Մանուէլ Գրիգորեան, Սեդրակ Սարոյեան եւ հոգեւորականներ ծաղիկներ զետեղեցին ազատամարտիկներու յուշարձանին վրայ, որուն վրայ ազատամարտիկներու նամակներէն տողեր փորագրուած են:
Էջմիածին քաղաքի տօնին առիթով պատրաստուած էր 15 բաժինէ բաղկացած ծրագիր, իսկ քաղաքի տօնին համար հիմք ընդունուած է Ն. Ք. 685 թուականին Ռուսա Բ. արքային արձանագրութիւնը, ուր քաղաքը ներկայացուած է իբրեւ բնակավայր:
«Սակայն քաղաքը աւելի հին է` 5 հազար տարի եւ աւելի: Հոկտեմբեր 8-ին փորձեցինք աւանդոյթը վերականգնել, երբ հինգերորդ դարուն Մեսրոպ Մաշտոց տառերը մեր քաղաքը բերաւ, եւ զայն դիմաւորեցին Սահակ Պարթեւն ու Վռամշապուհ արքան, եւ արքային հրամանով երեք օր քաղաքին մէջ տօնակատարութիւն կատարուեցաւ` իբրեւ մեծ իրադարձութիւն: Արդէն 5 տարի է` այդ աւանդոյթը կը պահպանենք եւ կը շարունակենք», նշած է Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանը:
Ան անդրադարձած է նաեւ քաղաքի նախկին անուններուն, որոնց կարգին են` Արտիմեդը, Կուառլէինին, Վարդեսաւանը, Վաղարշապատը, Կայանպոլիսը, Ոտաստակը եւ երկու անգամ Էջմիածինը: Քաղաքը ունի նաեւ կարգախօսեր, որոնցմէ յիշատակելի են` «Դարը քեզ համար ակնթարթ է, հազարամեայ Էջմիածին», «Էջմիածինցի ըլլալը բարձր պատիւ եւ կոչում է»:
Հաղորդենք, որ Էջմիածին քաղաքի տօնին առիթով պատրաստուած էին յատուկ շապիկներ, կրծքանշաններ եւ այլն:
Արցախի Բարբառին Եւ Ազգագրութեան
Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Բացում Շուշիի Մէջ
Հոկտեմբեր 14-ին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին, որ կը կրէ շէնքի կառուցման եւ նախկին կրթական օճախի հովանաւորներ Ղուկասեան եղբայրներուն անունը:
Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան կարեւոր նկատած է նման կեդրոնի մը դերը եւ նշանակութիւնը` ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման եւ ուսումնասիրութեան իմաստով: Ան դիտել տուած է, որ ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ ուսումնասիրութեան գործով ցարդ զբաղած են անհատներ, գիտնականներ, հաստատութիւններ, բայց այսուհետեւ նշուած հարցերուն յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, եւ նորաստեղծ կեդրոնը պիտի համակարգէ Արցախի բարբառի եւ ազգագրութեան ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:
Աղաբալեան դիտել տուած է, որ մշակուած է ծրագիր, ըստ որուն, մինչեւ 2020 թուական նախատեսուած են ձեռնարկներ, որոնց կարգին առանցքային տեղ կը գրաւեն բարբառի եւ ազգագրութեան վերաբերեալ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հրատարակութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան փոխնախարար Արմէն Սարգսեան իր կարգին ընդգծած է, որ կեդրոնի ստեղծումը կարելիութիւն պիտի տայ շօշափելի, լիարժէք արդիւնքներ արձանագրելու, փրկելու ժողովրդական բանահիւսութեան պահպանուած նշխարները:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի երեսփոխան Արմէն Սարգսեան իր կարգին նշած է, որ հոգեւոր, ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու վերականգնումը Ղարաբաղեան շարժման արդիւնք է, իսկ նման կեդրոնի մը ստեղծումը` ազգային ինքնութեան եւ քարոզչութեան հզօր միջոց:
«Նռան Հատիկ»-ին Պիտի Մասնակցին 30
Թատերախումբեր` Հայաստանի Տարբեր
Մարզերէն Եւ Լեռնային Ղարաբաղէն
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ 20-26 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Նռան հատիկ» հանրապետական մանկապատանեկան թատերական 13-րդ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին որոշ տարիքային խումբի պատկանողներ: Անոնք կը նպատակադրեն նախ` մասնակիցները մանկութենէն ծանօթացնելու դասական գրականութեան, ապա` բեմէն հնչեցնելու մաքրամաքուր հայերէն: Այս մասին 16 հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է փառատօնի կազմակերպիչ Գարիկ Ղազարեանը: «Մեր հիմնական նպատակն է բեմէն լսել մաքուր հայոց լեզու եւ փոքրիկները ծանօթացնել դասական գրականութեան», նշած է Գարիկ Ղազարեանը: Այս տարի թատերական ներկայացումներուն հիմնական դահլիճը Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանին դահլիճն է, մէկ օր տրամադրած է «Մեթրօ» թատրոնը եւ մէկ օր` «Արմէն Տիգրանեան»-ի անուան երաժշտական դպրոցը:
Հիմնական խաղացանկը մանկական է, սակայն կան նաեւ աւագ դպրոցի համար նախատեսուած ներկայացումներ: Կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Արուսեակ Մանթաշեանը ողջունելի նկատած է փառատօնը 7 նոր թատերական խումբերով համալրումը, մանաւանդ` «երբ անոնք սահմանամերձ գիւղերու բացառիկ ոգեւորութեամբ լեցուած փոքրիկներն են»:
Այս տարի փառատօնին պիտի մասնակցին 30 թատերախումբեր` Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն: Փառատօնը կը կրէ «Երջանիկ մանկութիւն» խորագիրը, իսկ բոլոր մասնակիցները պիտի ստանան «Թռիչք» արձանիկ-մրցանակը:
Նշենք, որ փառատօնը տեղի կ՛ունենայ 2000 թուականէն, բազմիցս արժանացած է պարգեւներու եւ միջազգային փառատօներու ընթացքին արձանագրած է մեծ յաջողութիւններ:
Նոր Հալէպ Թաղամասի Կառուցման Նպատակով
Հայ Նկարիչներու Նուիրուած Գործերու
Ցուցահանդէս–Վաճառք
Վերջերս կայացած է Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման նպատակով հայ նկարիչներու նուիրուած գործերու ցուցահանդէս-վաճառք, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան միատեղ կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան համար ներկայացուած կերպարուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած են` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, փոխնախագահներ Վլադիմիր Աղայեան եւ Արամ Սարգսեան, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է մօտաւորապէս 300 ստեղծագործութիւն, իսկ անոր արդիւնքներու ճշդման համար ստեղծուած յանձնաժողովը պիտի որոշէ լաւագոյնները: Տեղեկացնենք, որ սուրիահայերուն համար Նոր Հալէպ թաղամասի կառուցման նպատակով հայ նկարիչներու գործերէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի այդ նպատակով ստեղծուած հիմնադրամին:
Հայ Բեմադրիչին Ժապաւէնը Միջազգային
Շարժապատկերի Փառատօնին
Ոսկէ Մետալի Արժանացած Է
Երիտասարդ բեմադրիչ Արէն Վաթեանի «Կաւէ մարդը» 20 վայրկեանոց ժապաւէնը այս տարի «Նո Ֆի» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին մասնակցած հայկական խումբին ոսկէ մետալ ապահոված է:
Ժապաւէնը յուսահատ ծերունիի եւ անոր ապրելու փափաքը վերադարձնող տղայի մը մասին է: Ասիկա միակ յաջողութիւնը չէ: Արդարեւ, հայկական խումբը գրաւած է երրորդ դիրքը` ստանալով պատուոյ գիրեր:
Արէն կը խոստովանի, որ ասիկա իր առաջին ժապաւէնն էր եւ առաջին յաղթանակը: Ժապաւէնը բեմադրած է Ազգային շարժապատկերի կեդրոնին աջակցութեամբ: Կա՞յ պետական աջակցութիւն երիտասարդ բեմադրիչներուն. «Կայ, բայց փոքր: Մեր պետութեան պէս փոքր», նշած է ան:
Հետաքրքրական բեմագրութիւն, երեւակայութիւն, զրուցելու ուրոյն կարողութիւն, լաւ դերասանական կազմ եւ բաւարար գումար: Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ, որոնք թէ՛ լաւ բեմագրութիւն ունին, թէ՛ հետաքրքրական գաղափարներ, բայց այս բոլորը իրականացնելու համար չունին վերոյիշեալ շարքին վերջինը, որ ամէնէն կարեւորն է` գումարը:
Արտաշէս Յովհաննիսեանը «Ոչ առեւտրական ժապաւէնի հայկական կեդրոն»-ի հիմնադիրն է: Կեդրոնը կը գործէ երեք տարիէ ի վեր եւ արդէն բազմաթիւ երիտասարդ բեմադրիչներ բացայայտած է` անոնց օգնելու մասնակից դառնալու արտերկրի մէջ կազմակերպուող միջազգային փառատօներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անոնք ձեռնունայն չեն վերադարձած:
Իսկ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է նախ առաջին հերթին լաւ մասնագէտներ պատրաստել, լաւ ժապաւէններ նկարել եւ այդ ժապաւէնները չներկայացնել միայն փառատօնէ փառատօն:
Մինաս Աւետիսեանի «Հայաստան» Որմնանկարը
Պիտի Վերանորոգուի
Շիրակի մարզի Վահրամաբերդ գիւղի մշակոյթի տան նախասրահին մէջ գտնուող Մինաս Աւետիսեանի «Հայաստան» որմնանկարը պիտի ամրացուի եւ վերանորոգուի: Ասոր վերաբերող նախագիծը ընդգրկուած է Հայաստանի կառավարութեան 17 հոկտեմբերի նիստի օրակարգին վրայ: Որմնանկարի վերականգնման աշխատանքները իրականացնելու նպատակով Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն «Մինաս Աւետիսեան» մշակութային-բարեսիրական հիմնադրամին իբրեւ նուիրատուութիւն պիտի յատկացուի 225 հազար 26 դրամ:
«Հայաստան» որմնանկարը ունի հանրապետական նշանակութեան յուշարձանի կարգավիճակ: Յուշարձանի անխաթար պահպանման, ինչպէս նաեւ տարբեր բնոյթի ազդեցութիւններու իբրեւ հետեւանք (ներառեալ` շինարարական աշխատանքները) հասած վնասը չէզոքացնելու համար անհրաժեշտ է կատարել որմնանկարի մաքրութեամբ, ամրացման եւ վերականգնման աշխատանքներ:
Որմնանկարը կատարուած է գաճի կրային շաղախի հիմքի վրայ: Բնական եւ այլ ազդեցութիւններու իբրեւ հետեւանք` առկայ են որմնանկարի շաղախի շերտերու տեղաշարժ, տարանջատուած, դատարկ հատուածներ, ներկի շերտերու քայքայում, վնասուած ու կորսուած մասեր: Որմնանկարին հետագայ քայքայումը կանխարգիլելու առաւել ընդունելի տարբերակը անոր ամրակայումն ու վերականգնումն է:
Որմնանկարը 1988 թուականի երկրաշարժէն ետք մինչեւ նախորդ տարի գտնուած է բաց երկնքի տակ` փայտէ պատնէշի մէջ: Որմնանկարը ոչնչացումէ փրկելու նպատակով, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով եւ պետական միջոցներով կառուցուած է մշակոյթի տուն, ուր տեղադրուած է «Հայաստան»-ը:
2010-2012 թուականներուն «Մինաս Աւետիսեան» հիմնադրամին կողմէ ամրացուած, վերականգնուած կամ տեղափոխուած են նկարիչին` «Հանդիպում», «Խաչքարի մօտ», «Գորգ են գործում», «Երկանք», «Թել են մանում», «Հայկական հովուերգութիւն» եւ այլ որմնանկարներ: