Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Պայման` Եւրոմիութեան Թուրքիոյ Անդամակցութեան

Եւրոխորհրդարանի կիպրացի պատգամաւորներէն Էլենի Թէոխարուս նշած է, թէ այնքան ատեն, որ Թուրքիա չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ երկիրը տեղ չի կրնար ունենալ Եւրոմիութեան ու ընդհանրապէս քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

Ըստ «Fileleftheros» կայքէջին, հոկտեմբեր 15-ին, Եւրոխորհրդարանին մէջ կայացած ու հայութեան նուիրուած ժողովին ընթացքին, Թէոխարուս վերոնշեալ խօսքերուն կողքին ըսած է, թէ Հայաստան Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան համար ռազմավարական գործընկեր մը կը մնայ:

Ըստ թրքական «ԿիւնտեմՔիպրիս» կայքէջին` Էլենի Թէոխարուս Եւրոխորհրդարանին մէջ Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի ղեկավարն է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )