ԹԵՆԻՍ «ՔՈՒԻՆԶ ՔԼԱՊ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՄԻՒՐԷՅ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցած «Քուինզ Քլապ»ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց անգլիացի Էնտի Միւրէյը եւ ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկան, վերջ գտաւ առաջինին յաղթանակով` 3-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով:
Միւրէյ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը` 2009-ին) տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, մրցումէն ետք յայտնեց, որ ֆրանսացին քիչ մը դժուարացուց իր յաղթանակին կերտումը, որովհետեւ զօրաւոր պայքար մղեց:
Նշենք, որ Միւրէյ, որ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, կիսաւարտականին յաղթեց ամերիկացի Էնտի Ռոտիքի:
CATEGORIES Մարզական