ԹԵՆԻՍ. ՎԻՆԸՍ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Վինըս Ուիլիըմզ

Ամերիկացի թենիսվումըն Վինըս Ուիլիըմզ, որ վերջին անգամ թենիսի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ նախորդ յունուարին, հինգ ամսուան բացակայութենէ մը ետք (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով) յաղթական վերադարձ մը ունեցաւ, երբ Իսթպուրնի (Անգլիա) մրցաշարքին իր կատարած մրցումին 7-5, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Անտրէա Փեթքովիչի:

Հինգ անգամ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած 30 տարեկան Վինըս իր այդ վերջին մրցումը եւս կատարած էր Փեթքովիչի դէմ, երբ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին իր կատարած մրցումը կիսատ ձգած էր:

Նշենք, որ Վինըս վերջին անգամ այս մրցաշարքին մասնակցած էր 1997-ին: Իսկ անոր քոյրը` Սերենա, որ տիրացած է 13 կրան շլեմի տիտղոսներու, այս մրցաշարքին մասնակցած է միայն մէկ անգամ, այդ ալ` 1998-ին:

Share this Article
CATEGORIES