ՅԵՏՍԱՊԱՀ ՖԻԼ ՃՈՆԶ ՄԻԱՑԱՒ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ
Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պլեքպըրնի երիտասարդ յետսապահ Ֆիլ Ճոնզ միացաւ իրենց կազմին` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք ակումբին տոմարներուն վրայ:
Ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցումը մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմին արժեց շուրջ 28 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Մանչեսթըրի հաղորդած տեղեկութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան նախորդ շաբաթ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու: Անոր փոխանցումը պիտի ամբողջանայ, երբ ան վերադառնայ միջազգային պարտականութենէն:
Նշենք, որ այժմ 19 տարեկան Ճոնզ Անգլիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական