Հայաստան – Սփիւռք Հրատարակչական Աննախընթաց Գործակցութեամբ. Հանդիսաւոր Բացում` Հայրենի Եւ Համազգայինի Հրատարակչատուներու Գիրքերու Ցուցահանդէսին

 

 

 

 

 

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու ներկայութեամբ միութենական, կրթական ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ու մշակութասէր ազգայիններու, երէկ` երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աննախընթաց ցուցահանդէսի, որուն ընթացքին զեղչ-վաճառք յայտարարուած է Համազգայինի հրատարակութիւններու:

Հայրենի եւ Համազգայինի հրատարակչատուներու գիրքերու այս ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքէրեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով բարեգալուստ մաղթեց ներկաներուն` թուելով ցուցահանդէսի մասնակից հրատարակչատուներու եւ անոնց տնօրէններու անունները: Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կողքին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի, Ազգային երաժշտութեան գրադարանի, «Էտիթ Բրինթ», «Զանգակ» «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու մասնակցութեամբ իրագործուած այս ցուցահանդէսը աննախընթաց է Հայաստան – սփիւռք յարաբերութեան մէջ, ուր մշակութային գործօնը շատ մեծ դեր ունի:

Առաջին հերթին խօսք առաւ ցուցահանդէսին մասնակից հրատարակչատուներու հայրենի պատուիրակութեան նախագահ` Մկրտիչ Կարապետեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ շուրջ քառասուն հրատարակչատուներ եւ հրատարակիչներ կը մասնակցին այս ցուցահանդէսին. ան թուեց հայրենի պատուիրակութեան անդամներու անունները: Կարապետեան նշեց, թէ անցեալ տարի Համազգայինի հրատարակչատունը որպէս պատուոյ անդամ ընտրուած է: Ան յոյս յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսին ճամբով Լիբանանի ու յատկապէս Պէյրութի հայրենակիցները կը ծանօթանան հայրենի հրատարակչատուներու վերջին քանի մը տարիներու նորագոյն հրատարակութեանց:

 

 

 

 

 

 

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Սէյրանուհի Գեղամեանը, որ շատ բարձր գնահատեց մշակութային նման նախաձեռնութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով հայ գիրքին դերը:

Գեղամեան դրուատեց լիբանանահայութեան, յատկապէս` Պէյրութի դերն ու ներդրումը հայ ազգային մշակոյթի զարգացման հոլովոյթին մէջ` ընդգծելով, որ «Պէյրութ կրցած է ո՛չ միայն պահպանել, այլ` տարածել ազգային դիմագիծը, նոր շունչ եւ հայկականութիւն հաղորդելով բոլորին»:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի յաջողութեան համար ներդրում ունեցողներուն, յատկապէս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ու Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան:

Ապա հրաւիրուեցաւ «Խնկօ Ապէր» հրատարակչատան տնօրէն Ռուզանա Տօնոյեանը, որ յոյս յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը առիթ մը կ՛ըլլայ նոր համագործակցութեան` Հայաստանի եւ Համազգայինի հրատարակութեանց միջեւ: Ան դրուատեց սփիւռքահայութեան ներդրումը ընդգծելով. «Գիտեմ, թէ որքան դժուար է սփիւռքի մէջ հայ մնալը»:

Ապա խօսք առաւ «Զանգակ» հրատարակչատան տնօրէն Սոկրատ Մկրտիչեան, որ մաղթեց շուտով լոյս ընծայել նոր հրատարակութիւններ` յատկապէս յիշելով լիբանանահայ լեզուաբան Կարօ Առաքելեանի պատրաստած հայերէն քերականութեան դասագիրքերը: «Մեր բոլոր հրատարակութիւնները նկատի ունին նաեւ սփիւռքի հայ ընթերցողի հետաքրքրութիւնը», ընդգծեց ան` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ օրերուն բազմաթիւ քննարկումներ կը կատարուին այս առնչութեամբ:

Ապա խօսք առաւ «Արթ Պրիտճ» հրատարակչատան տնօրէն Շաքէ Կարապետեան, որ յոյս յայտնեց որ «Արթ Պրիտճ» կրնայ ընդարձակել իր հրատարակութիւնները` Համազգայինի հետ գործակցաբար:

Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր կարգին ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստած բոլոր կողմերուն, յատկապէս` դեսպան Ա. Քոչարեանին եւ Մկրտիչ Կարապետեանին: Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ առիթ կ՛ընծայուի հայրենի պատուիրակութեան հետ ընդարձակելու գործակցութեան դաշտը: Ան մէջբերեց Սոկրատ Մկրտիչեանի խօսքը, թէ «մեր միջեւ տարբերութիւն չէ մնացած»` մաղթելով, որ այս քայլը թափ տայ հայ գիրքի հանդէպ յաւելեալ հետաքրքրութեան ու սիրոյ: «Մենք կոչուած ենք հոսանքն ի վեր թիավարելու», ընդգծեց Հաւաթեան` կոչ ուղղելով այս առիթը վերածելու պատգամի, ուր հայ գիրքը ըլլայ ջահակիրը:

Ձեռնարկին իր խօսքը ուղղեց նաեւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս` Համազգայինին: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի զրկանքներով ու դժուարութեամբ կարելի եղած է սփիւռքի զանազան օճախներու մէջ գիրք հրատարակել:

Քոչարեան դիտել տուաւ, որ նախորդ տարի   գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ըլլալու հանգամանքը առիթ եղած էր, որ Երեւան իր շուրջ համախմբէ համաշխարհային տարածքով հրատարակչատուներ:

Ան անդրադարձաւ Պէյրութի եւ Երեւանի դերակատարութեան` հայ գիրքին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը խորացնելու իմաստով:

Նշենք, որ այս ցուցահանդէս-զեղչ վաճառքը կը շարունակուի «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ մինչեւ 2 նոյեմբեր 2013, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )